Հայ Աւետարանական Քոլեճի Մասնակցութիւնը Մանրակերտ ՄԱԿ-ին

Hav Aved_UNԼիբանանի ամերիկեան համալսարանին կազմակերպած Մանրակերտ ՄԱԿ-ին (Model United Nations) Հայ աւետարանական քոլեճի մասնակցութիւնը վերածուած է գեղեցիկ ու շահեկան աւանդութեան:

Այս տարի ՀԱՔ-ի աշակերտները ներկայացուցին Յունաստանը: Պատուիրակութիւնը բաղկացած էր 11-րդ դասարանի 9 աշակերտներէ (Շուշան Քէշիշեան` պատուիրակութեան պետ, Յովիկ Արթինեան, Յուշիկ Գայմագամեան, Գարեն Գիրեճեան, Մոհամետ Խաթիպ, Ռէա Էքմեքճի, Կասիա Հաճեքեան, Մարինա Պայրագտարեան եւ Արազ Պարտաքճեան), որոնք մասնակցեցան վարժանքներու, ձեռք ձգեցին զեկուցումներ պատրաստելու, բանախօսութիւններ ներկայացնելու, քննարկում վարելու եւ այլ հմտութիւններ, ու շաբաթ 29 եւ կիրակի 30 մարտ 2014-ին, յաջորդաբար Պիպլոսի ու Պէյրութի մէջ կայացած Մանրակերտ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին ներկայացուցին ու պաշտպանեցին յունական պետութեան տեսակէտը միջազգային զանազան հիմնախնդիրներու շուրջ:

ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի մէջ կայացած եզրափակիչ հանդիսութեան ընթացքին Շուշան Քէշիշեան ստացաւ բարձրագոյն` «Ընդհանուր քարտուղարի մրցանակ»-ը, ECOSOC (Տնտեսական եւ ընկերային) յանձնախումբին մէջ իր ներկայացուցած «Քարայիպեան կղզիներու զարգացման հեռանկարները» թեզին համար:

Ընդհանուր ժողովին առընթեր, շաբաթ, 29 մարտին, Պիպլոսի մէջ տեղի ունեցաւ «Տիեզերական գիւղ» ձեռնարկը, ուր ՀԱՔ-ի աշակերտները իւրայատուկ ոճով յարդարեցին յունական տաղաւար մը, եւ հազարաւոր ներկաներուն հրամցուցին յունական զանազան ուտեստներ, իսկ պատուիրակութիւնը հանդէս եկաւ յունական ազգային պարով մը:

Հայ աւետարանական քոլեճը, հետամուտ` իր աշակերտութեան բազմակողմանի զարգացումին, մեծապէս կը քաջալերէ իր սաներուն մասնակցութիւնը նմանատիպ գործունէութիւններու:

Share this Article
CATEGORIES