Հայ Աւետարանական Թորոսեան Վարժարան. «Ոսկի Կարասը» Թատերախաղի Ներկայացում

Torosian-1403Ուրբաթ, 14 մարտին 2 ելոյթներով հանրութեան դիմաց հանդէս եկաւ Հայ աւետարանական Փ. եւ Է. Թորոսեանի վարժարանի «Երազ» թատերախումբը` «Ոսկիի կարասը» թատերախաղով, հեղինակ, բեմադրիչ եւ գեղարուեստական ղեկավար` Ռոպերթ Առաքելեան:

«Ոսկիի կարասը» թատերախաղը ներկայացնելու մտայղացումը ունեցած է բեմադրիչ Ռոպերթ Առաքելեան, երբ ամիսներ առաջ իր ծննդավայր Դսեղ գիւղին մէջ հողը փորելու ժամանակ գտած է խոշոր կարաս մը, անշուշտ պարապ, սակայն զայն կը լեցնէին մեր զաւակները, որոնք մեր իսկական գանձերն են: Հետեւաբար այս զգացումէն մեկնելով` որոշած է այս տարեշրջանին համար ներկայացնել այս թատերախաղը:

Արդարեւ, մօտաւորապէս մէկ ժամ տեւողութեամբ փոքրիկ արուեստագէտները ներկայացուցին թատերախաղը` իւրաքանչիւրը մարմնաւորելով իրեն վստահուած տիպարը:

Աւարտին խօսք առաւ վարժարանի տնօրէնուհի Սեդա Գարակէօզեան: Ան նկատել տուաւ, որ սոյն թատերախաղին դաստիարակութիւնը բազմակողմանի է եւ օգտակարութիւնը` ակնյայտ, հաստատելով, որ նիւթականը, ոսկի, դրամը որքան ալ օգտակար ըլլան, մեզի մնայուն ուրախութիւն չեն կրնան տալ, սակայն այն գանձերը, որոնք աստուածատուր են, իսկական հարստութիւն են` տրուած մեր ընտանիքներուն, մեր դպրոցին, մեր ազգին: «Ճիշդ ձեւով ուղղելու համար զանոնք` լուրջ եւ յարատեւ աշխատանք կը պահանջեն անոնք եւ ընտանիքէն, եւ դպրոցէն եւ ազգէն», եզրափակեց Սեդա Գարակէօզեան:

Ձեռնարկը փակուեցաւ ՄԱՀԱԵՄ-ի նախագահ վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեանի օրհնութեան աղօթքով:

Share this Article
CATEGORIES