Ջաւախքցի Փոքրիկ Արուեստագէտներու Այցելութիւնը Ազգային Լ. Եւ Ս. Յակոբեան Քոլեճ . Ջաւախքի Հետ, Ամբողջական Հայութեան Համար

IMG_0283Ուրբաթ, 4 ապրիլը յիշատակելի օր մը եղաւ Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճի իններորդ դասարանի աշակերտներուն համար, որոնք ուրախութիւնը ունեցան հիւրընկալելու ջաւախքցի փոքրիկ արուեստագէտներ, որոնք Լիբանան կը գտնուէին Ջաւախքեան օրերու ծիրին մէջ լիբանանահայութեան համար գեղարուեստական ելոյթներ ունենալու:

Ջաւախքցի հիւրերը ողջունելով` Բալիկ Հապոյեան ամփոփ կերպով ներկայացուց քոլեճը, աշակերտութեան արտադասարանային գործունէութիւնը, հայագիտական դաստիարակութեան բաղկացուցիչ նիւթերը եւ Ջաւախքի հանդէպ ունեցած հետաքրքրութիւնը:

IMG_0308Ի պատիւ հիւրերուն` կիրարկուեցաւ գեղարուեստական պատշաճ յայտագիր: Դրօ Միրզայեան կատարեց մենաներկայացում մը` Ֆիլիփ Զաքարեանի «Ֆիլիփ» բանաստեղծութիւնը: Լոռի Գառնիկեան մեներգեց «Ախ էն երկրին» երգը, ապա Անահիտ Նալպանտեան ասմունքեց Շահանդուխտի «Բացառութիւն» բանաստեղծութիւնը: Այնուհետեւ, Նենսի Սոլաքեան եւ Գարօլին Կարապետեան ներկայացուցին նազպար մը:

Գեղարուեստական յայտագրի աւարտին խօսք առաւ քոլեճի տնօրէն Վիգէն Աւագեան եւ յայտնեց, որ Ջաւախքը կտոր մը հայրենիք է հայրենիքէն դուրս: Ան հայութեան տուած է մեծամեծներ` Վահան Տէրեան, Դերենիկ Դեմիրճեան, Յակոբ Կոջոյեան, կարտինալ Աղաջանեան, Լուսինէ Զաքարեան, Ռուբէն Տէր Մինասեան, Յովհաննէս Քաջազնունի, Համօ Օհանջանեան եւ այլն: Ջաւախքի տագնապը ամբողջ հայութեան տագնապն է: Հայութիւնը իրարմով զօրաւոր է, Հայաստան¬Արցախ¬Ջաւախք միասնականութեամբ ամուր է եւ անխորտակելի:

Շարունակելով` տնօրէն Վիգէն Աւագեան խօսեցաւ Ջաւախք¬սփիւռք կապերու ամրապնդման եւ սերտացման մասին, իբրեւ գրաւական ամբողջական հայութեան կերտման:

Իր խօսքին աւարտին տնօրէնը հրաւիրեց ջաւախքցի հիւրերը եւ քոլեճին իններորդ դասարանի աշակերտները ստորագրելու մէկական եռագոյն դրօշներու վրայ եւ ապա իրարու նուիրելու այդ դրօշները` իբրեւ յիշատակ քոլեճ այցելութեան:

Տնօրէնին խօսքէն ետք ողջոյնի եւ շնորհակալութեան խօսք արտասանեց Ջաւախքի «Գոհանամք» պարի համոյթի գեղարուեստական ղեկավար Նասլէտ Քէեան: Այս առիթով ան հրաւիրեց նաեւ քոլեճին աշակերտները համոյթի անդամներուն հետ միասնաբար պարելու: Տեղի ունեցաւ պարի ուսուցում, որմէ ետք ջաւախքցի պատանիներն ու սոֆիայակոբեանականները ձեռք¬ձեռքի տուած` պարեցին հայկական աւանդական «Կէօվենտ» պարը:

IMG_0337Ջաւախքցի պատանիներուն քոլեճ այցելութիւնը աւարտեցաւ յիշատակի խմբային նկարով մը:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES