Հեծելարշաւի Մրցում` Միջազգային Մարզական Օրուան Առիթով

cycling-2.0804Հսկողութեամբ Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէին եւ գործակցութեամբ Լիբանանի մէջ գտնուող ՄԱԿ-ի տեղեկատուութեան կեդրոնին, Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնը` գործակցաբար «Պէյրութ Պայ Պայք» եւ «Մունթարա Թանմիա-Սաքաֆա-Հիուար» միութիւններուն, ձեռնարկեց հեծելարշաւի մրցումի մը` միջազգային մարզական օրուան մը ծիրին մէջ, որ տեղի ունեցաւ Պէյրութի ծովեզերեայ շրջանին մէջ (նախորդ շաբաթավերջին):

Այս մարզական օրուան ընթացքին «Պէյրութ Պայ Պայք» միութիւնը հեծելանւորդներուն տրամադրութեան տակ դրած էր իր հեծանիւները` անվճար կերպով:

Հեծելարշաւի այս մրցումին իրենց մասնակցութիւնը բերին ՀՄԸՄ Պէյրութ, Աթլեթիքօ Պէյրութ, Շեպիպեթ Շալաաթա եւ Ամալ Ռիատի Պիքֆայա ակումբները, ինչպէս նաեւ այլ մասնակցողներ:

Share this Article
CATEGORIES