Թենիս. Անի Ամիրաղեան 18 Դիրքով Նահանջեց
Հայաստանի թիւ 1 դասուած թենիսվումըն Անի Ամրաղեան աղջկանց թենիսի ֆետերասիոնին («WTA») կողմէ հրապարակուած նոր դասաւորման մէջ 18 դիրքի նահանջ մը արձանագրեց, կը յայտնէ ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը:
Ներկայիս ան կը գրաւէ 539-րդ դիրքը «WTA»-ի պաշտօնական կայքին կողմէ հրապարակուած նոր դասաւորման մէջ:
Նշենք, որ Ամիրաղեան «WTA»-ի կողմէ հրապարակուած այդ դասաւորման մէջ Հայաստանի միակ ներկայացուցիչն է:
Ռուսիան ներկայացնող Մարկարիթա Գասպարեան կը գրաւէ 258-րդ դիրքը:
CATEGORIES Մարզական

