«Չեմփիընզ Լիկ». Չելսի Եւ Ռէալ Մատրիտ Ապահովեցին Կիսաւարիտականի Իրենց Տոմսերը

Չելսիի յաղթական մարզիկները

Չելսիի յաղթական մարզիկները

Երէկ գիշեր տեղի ունեցած «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ կատարուեցան քառորդ աւարտականի դարձի մրցումները, որոնց արդիւնքներուն լոյսին տակ Չելսի եւ Ռէալ Մատրիտ ապահովեցին կիսաւարտականի իրենց տոմսերը:

Հակառակ անոր որ Փարիզ Սեն Ժերմեն երթին 3-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրած էր իր դաշտին վրայ, սակայն մարզիչ Ժոզէ Մուրինիոյի կազմը, որ 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց երէկ, ինք հանդիսացաւ իր տոմսը ապահովողը` օգտուելով օտար դաշտի վրայ կոլ նշանակելու առաւելութենէն:

Չելսիի կոլերը նշանակեցին Անտրէ Շուրլէ (32-րդ) եւ Տեմպա Պա (87-րդ):

Պորուսիա Տորթմունտ - Ռէալ Մատրիտ մրցումէն

Պորուսիա Տորթմունտ – Ռէալ Մատրիտ մրցումէն

Թէեւ Պորսուիա Տորթմունտ իր դաշտին վրայ 2-0 արդիւնքով յաղթեց Ռէալ Մատրիտի, սակայն դուրս մնաց մրցաշարքէն` նկատի ունենալով, որ Ռէալ Մատրիտ երթին իր դաշտին վրայ 3-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրած էր:

Մարքօ Ռէուս նշանակեց Տորթմունտի երկու կոլերը (24-րդ եւ 37-րդ), մինչ Ռէալի մարզիկ Անխել Տէ Մարիա 17-րդ վայրկեանին ձախողեցաւ իր կազմին շնորհուած փենալթին կոլի վերածել:

Այսօր տեղի կ՛ունենան քառորդ աւարտականի մնացեալ երկու ճակատումները` հետեւեալ յայտագիրին հիմամբ (ժամերը` Պէյրութի ժամանակացոյցով. փակագիծերուն մէջ` երթի մրցումներուն արդիւնքները).

  ԺԱՄ
Աթլեթիքօ Մատրիտ  Պարսելոնա (1-1) 21:45
Պայէրն Միւնիխ – Մանչեսթըր Եունայթըտ (1-1) 21:45
Share this Article
CATEGORIES