«Սկովտիոյ Անկախութիւնը Եւրոպայի Կայունութեան Վրայ Աղէտալի Հետեւանքներ Պիտի Ունենայ» Ըսաւ Ռոպըրթսըն

Ճորճ Ռոպըրթսըն

Ճորճ Ռոպըրթսըն

ՕԹԱՆ-ի նախկին ընդհանուր քարտուղար Ճորճ Ռոպըրթսըն յայտարարեց, որ «Սկովտիոյ անկախութիւնը միջազգային հրապարակի վրայ Բրիտանիոյ դիրքը քայքայելու ճամբով աղէտալի հետեւանքներ պիտի ունենայ Եւրոպայի եւ աշխարհի կայունութեան վրայ»:

Ռոպըրթսըն յայտնեց, որ բազմաթիւ սկովտիացի քուէարկողներ չեն գիտակցիր, որ անկախութեան շուրջ հանրաքուէի ընթացքին իրենց որոշումը Բրիտանիայէն անդին ազդեցութիւն պիտի ունենայ եւ Հիւսիսային Իրլանտայի կայունութիւնը կը վտանգէ:

Ան ըսաւ, որ Բրիտանիոյ քայքայումը պիտի տկարացնէ անոր դիրքը եւ բրիտանական կառավարութիւնը պիտի զբաղեցնէ ներքին բարդ տագնապներով, երբ պէտք ունինք, որ ներկայ վտանգաւոր հանգրուանին մէջ միջազգային բեմի վրայ ան իր հզօրութիւնը պահպանէ:

 

Share this Article
CATEGORIES