Տոքու Ումարովի «Գործունէութիւնը Չէզոքացուած Է»

Տոքու Ումարով

Տոքու Ումարով

«Ռաշա Թուտէյ» կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ Անվտանգութեան դաշնակցային գրասենեակի ղեկավար Ալեքսանտր Պոնրթնիքով հաստատած է, որ չեչեն ապօրինի զինեալ խմբաւորման պարագլուխ Տոքու Ումարովի գործունէութիւնը չէզոքացուած է: Մասնաւորաբար կը նշուի, որ քանի մը անձեր ձերբակալուած են:

Ան նշած է նաեւ, որ բացայայտուած են Վոլկոկրատի եւ Փիաթիկորսքի ահաբեկչութիւնները:

Ումարով կը գլխաւորէր «Կովկասի Էմիրութիւն» ահաբեկչական կազմակերպութիւնը, մասնակցած էր Ռուսիոյ դէմ առաջին եւ երկրորդ չեչենական պատերազմներուն:

Յունուար 2014-ին Ումարովի մահացած ըլլալուն մասին յայտնած էր Չեչենիոյ նախագահ Ռամազան Քատիրով: Այն ժամանակ ռուսական յատուկ ծառայութիւնները այդ տեղեկութիւնը չէին հաստատած:

 

Share this Article
CATEGORIES