«Հաւանական Է, Որ Եւրոպան Ռուսական Կազը Փոխարինէ Ազրպէյճանականով» Ըսաւ Պարոսօ

Ժոզէ – Մանուէլ Պարուսօ
Պուլկարական «Նովինայթ» գործակալութիւնը` վկայակոչելով պուլկարական Կերպ կուսակցութեան տարածած հաղորդագրութիւնը, կը հաղորդէ, որ Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ժոզէ-Մանուէլ Պարոսօ Պուլկարիոյ Կերպ կուսակցութեան փոխնախագահ Ցվեթան Ցվեթանովի հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է, որ Եւրոպան քաղաքական նախապատուութիւն չի տար «Հարաւային հոսք» նախագիծին, որովհետեւ անիկա կրնայ տարբեր ըլլալ, սակայն մատակարարը նոյնն է` ռուսական «Կազփրոմ»-ը:
Պարոսօ նշած է, որ հրաժարելով «Հարաւային հոսք»-էն, Եւրոպան կրնայ նախապատուութիւն տալ Իտալիոյ տարածքով ազրպէյճանական կազի ներածման, եթէ «Ազրպէյճան յաջողի դիմակայել Ռուսիոյ ճնշումը»:
Ըստ գործակալութեան, ան Պուլկարիոյ խորհուրդ տուած է զգուշ ըլլալ Ռուսիոյ հետ կազային նախագիծերու իրականացման հարցերուն մէջ` այլ նախագիծերու հաշուոյն, որոնք կրնան Պուլկարիոյ ուժանիւթի մարզին տարատեսակութիւն ապահովել:
«Հարաւային հոսք»-ը կազի խողովակաշարի ռուս-իտալա-ֆրանս-գերմանական նախագիծ է, որ պիտի երկարի Սեւ ծովուն յատակէն մինչեւ Պուլկարիոյ Վառնա նաւահանգիստ, ուրկէ անոր երկու ճիւղերը պիտի անցնին Պալքանեան թերակղզիէն Իտալիա եւ Աւստրիա: Կազի խողովակաշարի շինարարութիւնը սկսած է 2012-ին: Աւարտը նախատեսուած է 2015-ին: Խողովակաշարը տարեկան 63 միլիառ խորանարդ մեթր բնական կազ փոխադրելու կարողութիւն պիտի ունենայ: Նախագիծի արժէքը 16 միլիառ եւրօ է:
Կազի խողովակաշարը կը ստեղծուի ռուսական բնական կազի` Եւրոպա տարանցման ուղիներուն այլընտրանքներ ստեղծելու համար` տարանցման հարցին մէջ Ուքրանիայէն եւ Թուրքիայէն կախեալութիւնը նուազեցնելու համար:

