Սուրիոյ Բանակը Ռանքուսը Մեկուսացուց

Rankous.0804Երէկ կէսօրին հաղորդուեցաւ, որ աղբիւրներ լիբանանեան «Մանար» պատկերասփիւռի կայանին յայտնած են, թէ սուրիական բանակը երէկ Քալամուն շրջանի Ռանքուս գիւղաքաղաքին եւ անոր շրջակայքին մէջ զինուորական գործողութիւն շղթայազերծած է: Նշենք, որ Ռանքուս Լիբանանի սահմանակից Քալամուն շրջանին մէջ Եապրուտի գրաւումէն ետք միակ գիւղաքաղաքն է, որ տակաւին կը գտնուի ընդդիմադիր զինեալներուն հակակշիռին տակ:

Աւելի ուշ սուրիական պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Սուրիոյ բանակը Ռանքուսի շուրջ գտնուող բլուրները առած է իր վերահսկողութեան տակ եւ զինեալներու մատակարարման ճամբաները կտրած:

Շղթայազերծուած գործողութեան իբրեւ արդիւնք սուրիական բանակը Ռանքուսի Լիբանանի սահմանակից բաժինին վրայ վերահսկողութիւն հաստատած է:

Share this Article
CATEGORIES