Ազրպէյճան Կը Հերքէ Վիճելի Հողատարածք Մը Իրանին Նուիրելու Մասին Լուրերը
Իրանեան շարք մը լրատուամիջոցներ տեղեկութիւն տարածած են, որ Ազրպէյճան Իրանին նուիրած է Նախիջեւանի Ջուղայի շրջանին մէջ գոյութիւն ունեցող վիճելի հողատարածքը:
Ազրպէյճանական Haqqin.az կայքը կը հաղորդէ, որ իրանեան լրատուամիջոցները կը նշեն, թէ վիճելի հողատարածքը Ազրպէյճանը անվարձայատոյց տուած է իրանեան կողմին:
Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բանբեր Էլման Ապտուլլայեւ յայտարարած է, որ այդ տեղեկութիւնը իրականութեան չի համապատասխաներ, եւ Ազրպէյճան ոչ մէկ մեթր հող ոչ ոքի տուած է:
CATEGORIES Միջազգային

