Փոփոխութիւն Եւ Բարեկարգում Համախմբում. «Յաւելուած Արժէքի Տուրքը Բարձրացնելը Աշխատավարձի Յաւելումները Ֆինանսաւորելու Համար Յարմար Լուծում Մը Չէ»

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը երէկ Ռապիէի մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը, որուն նախագահեց  երեսփոխան զօր. Միշել Աուն:

Նիստէն ետք համախմբումը ընդգծեց, որ պետական պաշտօնեաներու եւ ուսուցիչներու համար ծրագրուած աշխատավարձի յաւելումը արդար իրաւունք է` աւելցնելով, որ անհրաժեշտ է նկատի ունենալ խորհրդարանական ենթայանձնախումբին տեղեկագիրը, որ ամբողջական է:

Համախմբումը հաստատեց, որ Յաւելուած արժէքի տուրքը բարձրացնելը աշխատավարձի յաւելումը ֆինանսաւորելու համար յարմար լուծում մը չէ` աւելցնելով, որ անհրաժեշտ է այդ յաւելումները վաւերացնել լաւապէս սերտելով եկամուտները:

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը շեշտեց, որ իրենք կ՛ուղղուին վաւերացնելու քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերուն անդամները իրենց պաշտօններուն վրայ հաստատելու անոնց պահանջը, որ առաւելագոյն կերպով արդար է:

 

Share this Article
CATEGORIES