Նազարեան Քարիւղի Պեղման Նուազուրդը Յետաձգեց 14 Օգոստոսին

Սոմսըն եւ Նազարեան

Սոմսըն եւ Նազարեան

Ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Արթիւր Նազարեան երէկ հրապարակեց որոշում մը, որուն մէջ հաստատեց, որ Լիբանանի մէջ կատարուելիք քարիւղի եւ բնական կազի պեղումները 10 ապրիլ 2014-էն 14 օգոստոս յետաձգուած են:

Միւս կողմէ, Ա. Նազարեան նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Հոլանտայի դեսպան Հեսթեր Սոմսընը, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Նախարար Նազարեանի այցելեց նաեւ Ելեկտրական ընկերութեան ընդհանուր տնօրէն Քամալ Հայեք: Քննարկուեցան Ելեկտրականութեան ընկերութեան եւ անոր պաշտօնեաներուն վերաբերող շարք մը հարցեր:

Ա. Նազարեանի այցելեցին նաեւ Պէյրութի եւ Լեռնալիբանանի ջուրի ընկերութեան սենտիքայի պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ Ժոզեֆ Նսէյրի, Հիւսիսային Լիբանանի ջուրի ընկերութեան սենտիքայի պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ Ժամալ Քարիմի, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ կազի բաշխումի պատասխանատու սենտիքայի պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ Սարգիս Հալիսի:

 

Share this Article
CATEGORIES