Վարչապետ Սալամ Ընդունեց Ապահովական Կառոյցներու Պետերը

Հազարապետ-զօրավար Իպրահիմ, փոխվարչապետ Մուքպել եւ վարչապետ Սալամ
Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպելը, ինչպէս նաեւ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմը, որոնց հետ քննարկեց լիբանանեան ապահովական իրադարձութիւնները:
Վարչապետին այցելեց նաեւ ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իպրահիմ Պասպուսը, որ անոր ներկայացուց Լիբանանի մէջ տիրող ապահովական կացութիւնը:
CATEGORIES Լիբանանեան

