Հին Վարձքերուն Վերաբերող Խորհրդարանի Նոր Օրէնքին Մանրամասնութիւնները
Հարցազրոյցը վարեց` ԱՐՇՕ ՊԱԼԵԱՆ
Խորհրդարանին կողմէ անցեալ շաբթուան ընթացքին վաւերացուած վարձքերու նոր օրէնքին եւ անոր բովանդակած մանրամասնութիւններուն մասին «Ազդակ» հարցազրոյց մը ունեցաւ Պուրճ Համուտի փոխքաղաքապետ Ճորճ Գրիգորեանի հետ:
Ան շեշտեց, որ խորհրդարանին կողմէ վաւերացուած այս օրէնքը պետական պաշտօնաթերթով հրատարակուելէն կարճ ժամանակամիջոցէ մը ետք գործադրութեան կը դրուի:
Ճ. Գրիգորեան նշեց, որ վարձքերու այս օրէնքը կը վերաբերի միայն հին (նախքան 1992-ի) վարձքերուն եւ ըսաւ. «Ըստ նոր օրէնքին, կա՛մ տանտէրը եւ վարձուորը համաձայնաբար եւ կա՛մ բնակարանին արժէքը ճշդող մասնագէտով եւ դատարանին միջոցով կը ճշդեն, թէ տուեալ յարկաբաժինը ի՛նչ կ՛արժէ: Տարեկան վարձքը պէտք է բնակարանին արժէքին առնուազն 5 առ հարիւրը ըլլայ:
«Նոր օրէնքին հիման վրայ ճշդուած տարեկան վարձքին շուրջ գոյացած համաձայնութենէն ետք, վարձակալը առիթ ունի իրերայաջորդ վեց տարիներու ընթացքին իր վճարած վարձքին աւելցած յաւելեալ գումարներ վճարելով հասնելու իսկական վարձքի գումարին: Յաւելեալ գումարները պիտի ճշդուին համեմատութիւններով, որոնք պիտի ընթանան հետեւեալ կերպով. առաջին տարուան ընթացքին վարձքին կողքին վարձակալը տանտիրոջ պէտք է վճարէ 15 առ հարիւրի համեմատութեամբ յաւելեալ գումար մը, երկրորդ տարուան ընթացքին համեմատութիւնը կ՛ըլլայ 30 առ հարիւր, երրորդ տարին` 45 առ հարիւր, չորրորդ տարին համեմատութիւնը կը դառնայ 60 առ հարիւր, հինգերորդ տարուան ընթացքին համեմատութիւնը կը բարձրանայ 80 առ հարիւրի (20 առ հարիւրի յաւելումով), իսկ վեցերորդ տարին կ՛ըլլայ 100 առ հարիւր: Այսինքն` վեց տարի ետք կը հասնին բնակարանին նոր վարձքին իսկական արժէքին եւ այդ արժէքը յաջորդող երեք տարիներուն ընթացքին կը մնայ նոյնը:
«Ինը տարի ետք սակայն, տանտէրը իրաւունք ունի իր փափաքած սակը ճշդելու. եթէ համաձայն գտնուիս, կը մնաս բնակարանին մէջ, այլապէս կը մեկնիս բնակարանէն», ըսաւ Ճ. Գրիգորեան:
Անդրադառնալով պետութեան կողմէ համեստ դասակարգի ընտանիքներուն տրամադրուելիք օժանդակութեան ֆոնտին` ան բացատրեց հետեւեալը. «Նկատի ունենանք ընտանիք մը, որուն բոլոր անդամները կը բնակին տուեալ բնակարանին մէջ: Այդ ընտանիքին երեք աշխատող անդամներուն ամսական աշխատավարձերը (գումարած) պէտք է ըլլան նուազ քան նուազագոյն աշխատավարձը` երեքով բազմապատկուած: Նման պարագայի մը միայն կարելի է դիմում ներկայացնել յատուկ յանձնախումբի մը, որ տակաւին չէ կազմուած: Այս յատուկ յանձնախումբը պիտի ստուգէ, որ իրաւ այս ընտանիքին եկամուտը նուազագոյն աշխատավարձին երեք անգամէն պակա՞ս է եւ անոր հիման վրայ վարձակալին համար արձանագրուող վարձքի յաւելումին տարբերութիւնը պիտի հոգայ` օժանդակութեան ֆոնտին միջոցով, այլ խօսքով` կառավարութեան քսակէն»:
Ճ. Գրիգորեան հաստատեց, որ այս օժանդակութիւնը պիտի կատարուի միայն վեց տարուան ընթացքին:
«Այս օրէնքին գործադրութեան ընթացքին, երբ վարձքդ յաւելում արձանագրէ եւ դուն չկարենաս վճարել, տանտէրը առանց հատուցումի կրնայ քեզի բնակարանէն զրկել», յայտնեց ան` աւելցնելով, որ ինը տարիէն ետք ալ նոյնպէս` տանտէրը ստիպուած չէ հատուցում վճարելու, եթէ բնակարանը լքելու պարագայ մը ըլլայ: Իսկ բնակարանը գնելու պարագային, վարձուորը օրէնքի ուժով յատուկ սակի առիթ չ՛ունենար, բնակարանին արժէքը ինչ որ է, պէտք է այդ գումարը վճարուի:
Ճ. Գրիգորեան ընդգծեց, որ այս օրէնքէն կը բացառուին այն յարկաբաժինները, որոնք երբ շինուած են, արձանագրուած են տըլիւքս դասակարգի բնորոշումով, ինչպէս նաեւ վաճառատուները եւ գործարանները:
Օրէնքի` հանրապետութեան նախագահին կողմէ մերժուելու կարելիութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Ճ. Գրիգորեան յայտնեց.
«Նախագահը իրաւունք ունի օրէնքը վերադարձնելու խորհրդարան` զայն վերստին քննարկելու նպատակով:
Խորհրդարանը իր կարգին պէտք է երկրորդ քննարկումի ենթարկէ այս օրէնքը եւ բացարձակ մեծամասնութեամբ վաւերացնէ զայն. այդ պարագային հանրապետութեան նախագահը պարտաւոր է ստորագրել այդ օրէնքը:
«Իսկ եթէ արդէն իսկ վաւերացուած այս օրէնքին նախագահին կողմէ ստորագրութեան պայմանաժամը (ընդհանրապէս` մէկ ամիս) անցնի եւ նախագահը չստորագրէ եւ կամ խորհրդարանին չվերադարձնէ զայն, ապա այդ օրէնքը ինքնաբերաբար լոյս կը տեսնէ պետական պաշտօնաթերթին մէջ եւ ի զօրու կը դառնայ», ըսաւ Ճ. Գրիգորեան:

