Կառավարութեան Նիստին Ընթացքին . «Բանակը Կը Գործադրէ Պետութեան Քաղաքական Որոշումը» Շեշտեց Նախագահ Սլէյման

Կառավարութեան նիստէն պահ մը

Կառավարութեան նիստէն պահ մը

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ երեկոյեան ժամը 5:30-ին Պաապտայի մէջ նախագահեց կառավարութեան ընթացիկ նիստին` ներկայութեամբ վարչապետ Թամմամ Սալամի:

Նիստէն առաջ նախագահ Սլէյման Սալամի հետ ունեցաւ դռնփակ հանդիպում մը, որուն ընթացքին քննարկուեցան երկրին իրադարձութիւնները:

Կառավարութիւնը քննարկեց 46 կէտերէ բաղկացած օրակարգ մը:

Նիստին ընթացքին նախագահ Սլէյման նշեց, որ պետական պաշտօնեաներու եւ ուսուցիչներու աշխատավարձերու յաւելումներուն թղթածրարը բաւական զգայուն է եւ պէտք է այդ իմաստով երկրին տնտեսական եւ ելեւմտական հաւասարակշռութիւնը պահել:

Ան դրուատեց բանակին դերակատարութիւնը` շեշտելով, որ բանակը իր որդեգրած ապահովական միջոցառումներուն պարագային պետութեան քաղաքական որոշումն է, որ կը գործադրէ եւ ան քաղաքական ոչ մէկ ուժի նկատմամբ կողմնակալութիւն կը ցուցաբերէ:

Նախագահ Սլէյման խստիւ դատապարտեց բանակին դերակատարութիւնը քննադատողները:

Իր կարգին, վարչապետ Սալամ յայտնեց, որ երկրին մէջ գործադրուած ապահովական ծրագիրն ու պետական կարգ մը պաշտօնեաներուն նշանակումը ապահովութիւն եւ կայունութիւն ներշնչած են լիբանանցիներուն, որոնք արդէն իսկ անցած են իրենց պահանջները ներկայացնելու եւ իրաւունքներուն մասին խօսելու:

Ան ըսաւ, որ կառավարութեան համար ներկայացուած այդ պահանջները կարեւոր են:

Նիստէն ետք, տեղեկատուութեան նախարար Ռամզի Ժրէյժ յայտնեց, որ կառավարութիւնը Շատի Քարամը նշանակած է նուիրատու երկիրներու ապահովագրական բազմազան ծառայութիւններու սնտուկին մօտ Լիբանանի կառավարութեան ներկայացուցիչ:

Նշենք, որ նախագահական պալատ տանող ճամբուն վրայ Լիբանանեան համալսարանին մէջ պայմանագրութեամբ գործող դասախօսները կատարեցին բողոքի նստացոյց մը` պահանջելով զիրենք հաստատել իրենց պաշտօններուն վրայ:

Պայմանագրութիւն ստորագրած դասախօսները ընդգծեցին, որ այսօր Լիբանանեան համալսարանի բոլոր մասնաճիւղերուն մէջ ընդհանուր դասադուլ է` աւելցնելով, որ իրենք իրենց շարժումներն ու մագլցողական քայլերը պիտի շարունակեն:

 

Share this Article
CATEGORIES