Նախագահ Սլէյման Կոչ Ուղղեց Շարունակելու Ապահովական Քայլերու Գործադրութիւնը

Նախագահ Սլէյման եւ Իթանի

Նախագահ Սլէյման եւ Իթանի

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել  Սլէյման երէկ շեշտեց Թրիփոլիի եւ անոր շրջակայքին մէջ ապահովական ծրագիրի գործադրութեան անհրաժեշտութիւնը` ընդգծելով երկրին մէջ ապահովական կայունութեան գործադրութեան հաստատումին համար որդեգրուելիք քայլերուն կարեւորութիւնը:

Այս շրջագիծին մէջ նախագահ Սլէյման բարձր գնահատեց նաեւ դատական իշխանութիւններուն կողմէ պահանջուած յանցագործները ձերբակալելու եւ զանոնք համապատասխան դատական ատեաններուն փոխանցելու արշաւը:

Նախագահ Սլէյման երէկ ընդունեց նախկին երեսփոխան Մոհամետ Ամին Իթանին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան ներքին քաղաքական բեմը յուզող հարցեր:

Share this Article
CATEGORIES