Խորհրդարանի Յանձնախումբերուն Միացեալ Նիստը Ձախողեցաւ Աշխատավարձի Յաւելումներուն Հարցը Լուծել

khorhertaran_haveloumnerԽորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի այսօր պիտի նախագահէ խորհրդարանին գումարելիք ցերեկային եւ գիշերային օրէնսդրական լիագումար նիստերուն, որոնց ընթացքին պիտի քննարկուին խորհրդարանական յանձնախումբերուն միացեալ նիստերէն փոխանցուած օրինագիծերը:

Միւս կողմէ, խորհրդարանի յանձնախումբերը երէկ առաւօտեան ժամը 11:15-ին գումարեցին միացեալ նիստ մը, որուն ընթացքին շարունակեցին քննարկել պետական պաշտօնեաներու եւ ուսուցիչներու աշխատավարձի յաւելումներուն թղթածրարը:

Նիստին նախագահեց խորհրդարանի փոխնախագահ Ֆարիտ Մքարի, որ նիստէն ետք յայտնեց, որ յանձնախումբերուն միացեալ նիստը ձախողած է լուծում մը ապահովել այդ թղթածրարին` նկատի ունենալով աշխատավարձի յաւելումները ֆինանսաւորելու եկամուտի աղբիւրներու չգոյութիւնը:

Նիստէն ետք Մքարի յայտնեց, որ խորհրդարանական յանձնախումբերը համոզուած են, թէ պետական պաշտօնեաներուն եւ ուսուցիչներուն տրուելիք յաւելումը արդար իրաւունք է, սակայն քննարկելէ ետք այդ յաւելումները ֆինանսաւորելու եկամուտները, նկատած են, որ այդ մասին յաւելեալ քննարկումներու կարիքը կայ:

Իր կարգին, ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ շեշտեց, որ խորհրդարանական յանձնախումբերուն միացեալ նիստը սկսած է քննարկել Յաւելուած արժէքի տուրքին համեմատութիւնը բարձրացնելու կարելիութիւնը, սակայն աւելի ուշ առկախած է քննարկումը:

Ընդհանուր Գործադուլ Եւ Դասադուլ

Երէկ յետմիջօրէին տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդի նախագահ Հաննա Ղարիպ խստիւ դատապարտեց Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէի մօտեցումը` շեշտելով, որ այսօր ամբողջական պատասխան մը պիտի տրուի աշխատաւորներուն իրաւունքը կատարելու գծով զլացողներուն պարագային:

Հաննա Ղարիպ յայտնեց, որ այսօր ըմբոստութեան օր մը պիտի ըլլայ` պետութիւնը փտածութենէ եւ աւազակութենէ փրկելու նպատակով:

Անձնական դպրոցներու ուսուցիչներու սենտիքայի նախագահ Նաամէ Մահֆուտ կոչ ուղղեց անձնական վարժարաններու ուսուցիչներուն միանալու այսօր կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, Ռիատ Սոլհի հրապարակին վրայ տեղի ունենալիք բողոքի նստացոյցին:

Ան շեշտեց, որ կա՛մ այն է, որ խորհրդարանը կը վաւերացնէ իրենց իրաւունքները եւ կա՛մ իրենց կազմակերպած նստացոյցերը մնայուն կերպով պիտի կրկնուին:

Պէտք է նշել նաեւ, որ երէկ Համրայի մէջ վարձքերու նոր օրէնքին դէմ բողոքի նստացոյց մը կազմակերպած վարձակալները այսօր իրենց կարգին եւ Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդին ցոյց կատարելիք ժամուն, իրենք եւս ցոյց մը պիտի կատարեն Ռիատ Սոլհի հրապարակին վրայ:

Share this Article
CATEGORIES