Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Ռիատի Պէյրութ Մրցումը` Ժամը 17:00-ին

Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը երէկ յետմիջօրէին հաղորդեց, որ յառաջիկայ շաբաթ, 12 ապրիլին տեղի ունենալիք ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Ռիատի Պէյրութ մրցումը, որ կ՛իյնայ աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 7-րդ եւ երթի վերջին հանգրուանին ծիրին մէջ, փոխան յետմիջօրէի ժամը 15:00-ի տեղի պիտի ունենայ յետմիջօրէի ժամը 17:00-ին:

Նշենք, որ ֆետերասիոնին կողմէ առաջին անգամ հրապարակուած յայտագիրին մէջ նշուած էր երեկոյեան ժամը 19:00:

Այս մրցումը տեղի պիտի ունենայ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES