Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ – Հուփս

Պըժժէ - Ամշիթ մրցումէն PROFOTO

Պըժժէ – Ամշիթ մրցումէն
PROFOTO

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 8-րդ եւ դարձի նախավերջին հանգրուանին ծիրին մէջ, այսօր` չորեքշաբթի, 9 ապրիլին, ՀՄԸՄ-ի տղոց ներկայացուցչական խումբը պիտի մրցի Հուփսի դէմ:

Մրցումը, որ պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 19:00-ին, տեղի պիտի ունենայ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ:

Ինչպէս ծանօթ է, այժմ ՀՄԸՄ կը գտնուի դասաւորման 6-րդ դիրքին վրայ` 100 տոկոսով բարելաւելէ ետք իր խաղարկութիւնը, երթի մրցումներուն անոր արձանագրած ոչ այդքան տպաւորիչ արդիւնքներէն ետք:

ՀՄԸՄ, որ երթի մրցումները աւարտեց արձանագրելով 2 յաղթանակ եւ կրելով 7 պարտութիւն, դարձի մրցումներուն ցարդ արձանագրած է 6 յաղթանակ եւ կրած միայն պարտութիւն մը:

ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն կ՛ակնկալուի ուղղուիլ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիր եւ քաջալերել ՀՄԸՄ-ի կազմը, որ նախքան յաջորդ հանգրուանը սկսիլը կը կատարէ իր վերջին մրցումը` նոյն համալիրին մէջ:

Նշենք, որ երթի մրցումին, որ տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 28 փետրուարին, Միշել Մըրի անուան համաիլրին մէջ, ՀՄԸՄ 85-66 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց:

Երէկ երեկոյեան Սանթրալի դաշտին վրայ տեղի ունեցած Պըժժէ – Ամշիթ մրցումը, որ կ՛իյնայ նոյն հանգրուանին ծիրին մէջ, աւարտեցաւ Ամշիթի յաղթանակով` 92-82 արդիւնքով:

 

Share this Article
CATEGORIES