ՈՒՇԱՑԱԾ ԶՐՈՅՑ (ՇԱՔԷ ԱՐՓԱՃԵԱՆԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ)

Շաքէ Արփաճեան

Գիտեմ ուշացեր եմ, եւ շա՜տ:

Նոր լսեցի, որ մահացեր ես, չհարցուցի ինչպէ՞ս կամ ինչո՞ւ: Բայց ի՜նչ ըսեմ` ցաւ զգացի, մեծ ցաւ, որ այսօր աւա՜ղ քիչեր կը հասկնան ու կ՛ընկալեն:

Ցաւս այն էր, որ կանուխ մեկնեցար… Թերեւս կանուխ հանգիստ մը գտնելու համար անվերադարձ գացիր…: Ու մենք քեզ կորսնցուցինք. մենք շատ չենք. մենք` այսինքն` «Թատրոն 67»ի խենթերը եւ Համազգայինի թատերական միաւորի թատերասէր դերասանները, որոնք հազիւ նահանջ տարին անգամ մը բեմ կը բարձրանան եւ հաւատարմօրէն կը սպասեն, որ դեր մը առաջարկուի իրենց, կամ ալ մասնակցութիւն մը բերենք ներկայացուելիք թատերախաղին, ինչպէս վերջին անգամ եղաւ քեզի:

Գեղեցիկ էիր բեմին վրայ, համոզիչ էր խաղարկութիւնդ, հաւատարիմ էիր կոչումիդ` այն աստիճան, որ մեծ կամ փոքր, երկար թէ կարճ դերեր ընդունելու կամ մերժելու քմահաճութիւնը չունէիր: Կը բաւէր, որ ընելիքդ ծառայութիւն մը պիտի ըլլար հայ թատրոնին, զոր այնքան կը սիրէիր:

Իսկ մենք` կը սիրէինք բեմին վրայ ներկայութիւնդ, բեմական ձայնդ, կերպարի մեկնաբանութիւնդ եւ մանաւանդ հայերէնդ ու մեր մեծասքանչին առոգանութիւնը, որուն, ցաւօք, այսօր քիչեր կը տիրապետեն: Մենք խօսիլ գիտէինք, բառերը ճիշդ արտասանել գիտէինք, եւ մեր թիւը հետզհետէ նօսրանալու վրայ է:

Յաճախ ներկայ կ՛ըլլայինք երիտասարդ եւ սկսնակ դերասաններու ելոյթներուն, քաջալերելով հանդերձ, կու գայիր մօտս ու կը դժգոհէիր, որ կարելի չէ «ասոնց առոգանութեամբ բեմ բարձրանալ»: Քեզի կ՛ըսէի. «Գնա՛, բեմադրիչին ըսէ». չէիր երթար ու ըսեր: Հիմա ի՞նչ ըսեմ քեզի կամ ի՞նչ յայտնեմ քու մասիդ…:  Իրականութի՞ւնը ըսեմ. լաւ է, որ շուտ գացիր, կը ցաւիմ այս խօսքիս համար, բայց քեզի պէսներուն գնահատողներ չկան այլեւս, իսկ եթէ կան` իշխանութիւն չունին. Վայրի ծաղիկներու պէս կը յայտնուին ու անոնց նման կը կորսուին:

Կը յիշե՞ս որքա՜ն կը կռուէինք, կը վիճէինք, իրարու վրայ կը պոռայինք, բայց իրարմէ չէինք նեղուիր, ըլլայիր դուն կամ Եուսուֆը, Յակոբը, Կարոն, Զաւէնը, Մարի Ռոզը, Պետիկը, Ժանոն, Մարալը եւ դեռ ուրիշներ, բայց ոխ չունէինք, քէն չունէինք, գործին համար էր վէճը, կռիւը եւ նեղութիւնը… յատկապէս մեծ վարպետ Վարուժին հետ:

Դուն տարբեր էիր. դերդ անմիջապէս անգիր պիտի ընէիր, յետոյ կամաց-կամաց մտնէիր կերպարին մէջ, հեղինակին խօսքին վրայ ո՛չ աւելցնել, ոչ ալ պակսեցնել կը սիրէիր, իսկ մենք ծոյլ էինք եւ դերերը անգիր չընելուս պատճառով բեմին վրայ որքան կը չարչարէինք քեզ…:

Գիտեմ, որ հիմա ուշացած ներում կը հայցեմ քեզմէ, բայց նաեւ գիտեմ, որ դուն այդ բոլորը արդէն մոռցած ես:

Գիտե՞ս, որ հիացած եմ նկարագիրովդ, բնաւորութեամբդ, հիացած եմ զգացումներովդ, հայրենասիրութեամբդ: Կը յիշես, 2004-ին, երբ «Մէկ ազգ, մէկ մշակոյթ» ծրագիրի շրջանակներուն մէջ հիւրախաղերուն մասնակցելու համար Համազգայինի հետ հայրենիք մեկնեցանք եւ յաջող ելոյթ ունեցանք հոն: Յատկանշական էր երբ Ծիծեռնակաբերդի Եղեռնի թանգարանը մտանք… Այնքան բարի էիր, այնքան անմեղ էիր, այնքան հարազատ եւ այնքան հայ, որ աչքերուդ արցունքները չցամքեցան այդ օր, չէիր կրցած դիմանալ ու թէեւ վրէժով լեցուած էր սիրտդ, բայց աղիողորմ արցունքներով կու լայիր, քու արտասուքդ գոնէ ինծի համար շատ անկեղծ էր: Եթէ տղամարդ չըլլայի անպայման քեզի կը միանայի, որովհետեւ ես ալ լացի մարդոցմէ հեռու: Տակաւին կայ Աստուծոյ հանդէպ հաւատքդ. հայրենիքի հողին վրայ մեր դարաւոր վանքերու աւերակներուն մէջ ծնրադիր Տէրունական աղօթքին հետ «Տէր Ողորմեա» կ՛երգէիր:

Մինչ այդ ես չէի պատկերացներ, որ այդքան հայրենասէր ես:

Բայց հիմա կ՛անդրադառնամ, որ անձնական վիրաւոր կեանքիդ մասին բնաւ չէիր խօսեր:

Հայ թատրոնը սիրողը, հայ բեմը պաշտողը, հայոց լեզուն երկրպագողը հայրենասէր ըլլալէ բացի ուրիշ բան չի կրնար ըլլալ, որ մարդիկ քեզ չհասկցան, բնական է, հիմա չենք ուզեր հասկնալ:

Կրնայ ըլլալ, որ մարդիկ անտարբեր գտնուեցան եւ ըսին, որ արդէն տարածուած հիւանդութիւն է ատիկա…

Բայց մենք քեզ չմոռցանք.

Մենք ծառայութիւններդ չմոռցանք.

Քու նուիրումդ չմոռցանք.

Մենք` «Թատրոն 67»ի եւ Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան»ի տղաքս քեզ չե՛նք մոռնար:

Հողը թեթեւ գայ վրադ:

Չմոռնաս քեզմէ առաջ մեկնողներուն մեր կողմէ բարեւ տանելու. շատը գնաց, քիչը մնաց, ուր որ է շուտով ետեւէդ պիտի գանք:

Վարձքդ կատար, Շաքէ՛:

ՍԱՐԳԻՍ ՏԷՐ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ
ԵՒ ԹԱՏՐՈՆԻ ԸՆԿԵՐՆԵՐԴ

Share this Article
CATEGORIES