Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Եթէ ձեր խօսակիցը համաձայն չգտնուի ձեր տեսակէտին, վիճելու կարիք չկայ, իւրաքանչիւր անձ մտածելու եւ դատելու իր ձեւը ունի:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ձեր բարեկամները պատրաստ են ներկայ ըլլալու ձեր կազմակերպած ընթրիքին: Ընկերային կեանքը ջերմացնելու լաւ առիթներ են նման պահեր:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Եթէ անձի մը արժէքէն աւելի տաս, ան կը շփանայ եւ կը կարծէ, որ բացառիկ անձնաւորութիւն է ինք: Աժան ձեւով մի՛ գնահատէք, այլ` ըստ արժանւոյն:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ձեր ուժէն եւ կարողութենէն անդին մի՛ անցնիք: Կատարեցէք, որքան որ կրնաք: Ծանրաբեռնուածութիւնը կը յոգնեցնէ եւ կը ջղայնացնէ: Բնականը ընտրեցէք:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Բնութիւնը լայն տեղ ունի ձեր սրտին մէջ: Շաբաթավերջը ընծայեցէք ձեր սիրած աշխատանքին, մասնաւորաբար պտոյտ մը սիրելիներով` պիտի գոհացնէ ձեզ:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Պարբերաբար առանձին մնալը կը զօրացնէ ձեր անհատականութիւնը, բայց` միշտ չափաւորութեան սահմանին մէջ: Երկարատեւ առանձնանալը վնասակար է:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Մի՛ տատամսիք ձեր որոշումը իրագործելու: Ուրիշներուն կարծիքը կրնայ տարբեր ըլլալ, որովհետեւ անոնք չեն գիտեր ձեր ներաշխարհին զգացումները, կամ` ձեր նպատակը չեն գիտեր: Հետեւեցէք ձեր խղճի ձայնին:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ձեր աշխատանքը պիտի գնահատուի, որովհետեւ կատարած էք ձեր պարտականութիւնը` առանց դժկամութեան: Կրնաք ունենալ նիւթական հատուցում:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Մանր մունր հարցերով մի՛ զբաղիք: ջանացէք օրուան հարցերը պարզաբանել հանդարտ տրամաբանութեամբ, առանց յետին նպատակի կամ կողմնակալ:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Նոր յարաբերութիւն պիտի ունենաք նոր դէմքերու հետ` ձեր աշխատանքին կապակցութեամբ: Կրնաք ստանձնել նոր պարտաւորութիւն, մնացէք աշխատունակ:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Հեռու մնացէք խճողուած վայրերէ, որպէսզի անհանգիստ չզգաք, ձեր խառնուածքին հակասող շրջանակի մը մէջ գլխացաւ չունենաք: Նախընտրեցէք տունը մնալ եւ ձեր գործերով զբաղիլ:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ատամնաբուժին պիտի հանդիպիք ձեր զգացած անախորժ տրամադրութիւնը փարատելու: Ատամներու առողջութիւնը շատ կարեւոր է, մի՛ յետաձգէք հանդիպումը:

Share this Article
CATEGORIES