50 Տարի Առաջ (10 Ապրիլ 1964)

Թուրքերը Կը Պարծենան
… Հայ Արուեստի Գործերով

 «Ս. Խաչ Կամ «Արեւ» Եկեղեցին (Աղթամար)
Դարձած Է Թուրքիոյ Զբօսաշրջութեան Գոհարը

Պոլսոյ «Ժուռնալ տ՛Օրիան» թերթին մէջ Լիվիօ Ամետէ Միսիր գրի առած է շահեկան տեսութիւն մը, որուն ցայտուն մասերը կը ներկայացնենք ստորեւ.

Պոլսոյ համալսարանին դասախօս եւ Թիւպինկենի համալսարանին այցելու դասախօս փրոֆ. Մազհար Շ. Իփշիրօղլու Գերմանիոյ Մայնց քաղաքին Ֆլորիան Քուրֆերպերկի հրատարակչականին միջոցով լոյս ընծայեց 150 էջնոց հոյակապ հատոր մը Ս. Խաչ եկեղեցիին մասին, որ կը գտնուի Վանայ լիճին մէկ կղզիին մէջ: Այս եկեղեցին, զոր փրոֆ. Իփշիրօղլու կը յորջորջէ ականաւոր բիւզանդագէտ Ֆրանց Տոլկէի ասութեամբ «Լոյսի եկեղեցի», անծանօթ մը չէ գիտական աշխարհին, քանի որ Մ. Պրոսէ Կաշքիք, մեծն Սթրչիկովսքի, ինչպէս նաեւ Անգարայի Գրական ֆաքիւլթէի դասախօս Քաթերինա Օթթօ-Տորն խօսած են անոր մասին իրենց երկասիրութեանց մէջ: Եւ սակայն Իփշիրօղլուն է, որ առաջին անգամ ըլլալով մանրակրկիտ ուսումնասիրութեան մը առարկայ դարձուցած է Աղթամարի եկեղեցին:

Ազիզ Արպեքի եւ Եըլտըզ Մորանի հոյակապ լուսանկարներով զարդարուն գիրքը կը բաղկանայ երեք մասերէ.

Ա) Եկեղեցին իր ամբողջութեան մէջ:

Բ) Արուեստի կեանքը արեւին տակ:

Գ) Զրադաշտական շրջանին ազդեցութիւնը:

Պէտք է ըսել, թէ առաջին մասը բաւական հակիրճ է եւ կրնար քանի մը էջ աւելի պարփակել Վասպուրականի թագաւորութեան դերին մասին` հայոց պատմութեան մէջ: Այս ուղղութեամբ կարելի էր օգտագործել Ռընէ Կրուսէի «Հայաստանի պատմութիւնը»: Միւս կողմէ` ընթերցողներուն թոյլ տալու համար, որ գնահատեն կարեւորութիւնը այն կղզիին, ուր կը գտնուի Աղթամարի եկեղեցին, մաղթելի էր պատմականը ընել Աղթամարի կաթողիկոսութեան, որուն համար խօսուած է 1962-ին Վատիկանի մէջ լոյս տեսած «Օրենթէ Քաթթոլիկօ» երկասիրութեան մէջ:

Բայց ասիկա չի պակսեցներ արժէքը գիրքին, որուն ծանրութեան կեդրոնն է Աղթամարի եկեղեցիին հրաշալի քանդակներուն ուսումնասիրութիւնը, Հեղինակը ի յայտ բերած է իր արտակարգ հմտութիւնը գիտական եւ արուեստագիտական մարզի մէջ` ուսումնասիրելով Աղթամարի եկեղեցիին ցայտուն յատկանիշներուն հետեւելով արեւի շարժումին:

Գիրքը իր գերադրական կէտին կը հասնի 120-րդ էջին վրայ, երբ Իփշիրօղլու մեզի կը ներկայացնէ Աղթամարի եկեղեցին իբրեւ «հոյակապ հաստատութիւն» մը, «հրաշալի իրագործում մը»: Հեղինակը խօսելով անասունի ձեւով զարդաքանդակներուն մասին` կը գրէ. «Անասունի ձեւով զարդաքանդակները ստուերի եւ լոյսի համաչափ կշռոյթի մը ներքեւ արեւի սկաւառակ մը կը յիշեցնեն: Եւ այս հրաշալի լոյսի խաղերուն ներքեւ Քրիստոսի մէկ պատկերը կ՛անհետանայ մայրամուտին եւ յարութիւն կ՛առնէ արեւածագին»:

Ինչպէս կ՛երեւի, այս գիրքը պիտի շահագրգռէ բազմաթիւ գիտնականներ, արուեստագէտներ, պատմագիրներ: Նոյնիսկ փողոցի մարդը, որ այնտեղ պիտի գտնէ գեղեցկութեան յաւերժական կոթողները: Միթէ «Հայաթ» շաբաթաթերթը վերջին թիւերը չէ՞ յատկացուցած  արեւելան նահանգներու զբօսաշրջութեան վայրերուն Մուշի Ս. Կարապետ եւ Աղրը քաղաքին եկեղեցիներուն վրայ, զորս թերթը ներկայացուցած է ընթերցողներուն, այսուհետեւ պէտք է աւելցնել Վանայ լիճին յաւերժական լոյսի Ս. Խաչ եկեղեցին:

 

Մարզական

ՀՄԸՄ–ի Վեթերանները Դարձեալ
Դաշտ Կ՛իջնեն

Այս Կիրակի Պիտի Մրցին Ռասինկի
«
Ծեր»-երուն Դէմ

Սովորութիւնը չունինք այս սիւնակներուն մէջ երկար յօդուածներ յատկացնելու մարզական խաղերուն: Բայց այս անգամ, պարագան տարբեր ըլլալով, լայնօրէն պիտի խօսինք այն ԱՍՏՂԵՐՈՒՆ մասին, որոնք ատենօք կը փայլէին ՀՄԸՄ-ի երկնակամարին վրայ:

Անոնց կրակը տակաւին մարած չէ, քանի որ «մայր մոլորակ»-ի առաջին իսկ կոչին` այդ «արբանեակները», թէեւ լռութեան դատապարտուած բնութեան անյեղլի օրէնքով, սկսան փայլփլիլ դարձեալ եւ վերստին կեանք առնել: Յանկարծ վերագտան խայտանքը այն օրերուն, երբ արձակուեցան եւ ծիրի մէջ դրուեցան: Այսօր անոնք ուրախութեամբ կ՛ուզեն վերագտնել այն բազմութիւնները, որոնք վկաները եղան իրենց փառքի օրերուն: Այն բազմութիւնը, որ այնքան սիրեց, ծափահարեց եւ քաջալերեց զիրենք:

Այո, ֆութպոլի մեր հնօրեայ աստղերը այս կիրակի դարձեալ պիտի փայլին մարզաւանի մէջ, դարձեալ դէմ յանդիման պիտի գան այն հանդիսականներուն, որոնք քայլ առ քայլ հետեւեցան իրենց «ծերացման»: Բայց հանդիսականներն ալ չծերացա՞ն միթէ…

Անշուշտ կիրակի օր Մանուէլները, Օննիկները, Արիսները, Տիգրանները, Վազգէնները, Սարգիսները, Պետրոսները, Լեւոնները, Յովհաննէսները եւ Պարիկեանները պիտի չկրնանք տեսնել այնքան ճկուն եւ ճարպիկ, քան անցեալին: Բայց այն ինքնավստահութիւնը, որ ունին` 20 տարեկան երիտասարդի մը պէս դարձեալ վազելու- ցատկելու, քալելու եւ զուարճանալու, ինքնին յանդգնութիւն մըն է, արժանի` յիշատակութեան եւ ջերմ գնահատանքի:

Ուստի պատմութեան անցած այս խաղացողները կիրակի օր անգամ մը եւս պիտի փորձեն ցուցադրել իրենց մարզական շնորհները: Անշուշտ յաճախ պիտի ձախողին` տրիպլի մը կամ գնդակը քաշելու փորձին մէջ: Բայց վստահ ենք, որ ակամայ այս թերացումը պիտի չյուսալքէ զիրենք: Անգամ մը եւս իրենց միակ նպատակը պիտի ըլլայ կէտեր նշանակել կամ գնդակը զսպել` արժանանալու համար ժողովուրդի ծափահարութիւններուն, որոնք իրենց պիտի յիշեցնեն անցած հին, գեղեցիկ օրերու ուրախութիւններն ու դառնութիւնները:

Կիրակի օր սրունքները հաւանաբար չհնազանդին: Բայց սիրտը պիտի ըլլայ նոյնքան երիտասարդ, որքան` քսան տարեկանին, եւ երբեք ծանր պիտի չզգան յոգնութիւնը, որ պիտի ունենան քառասուն վայրկեան խաղալէ ետք:

ՀՄԸՄ-ի ԾԵր, բայց միշտ երիտասարդ աստղերուն դիմաց պիտի փայլին` Քորտահիները, Շամշամները, Ապու Նատերները, Հաքիմները, Սալեհները, Սաքրերը եւ ուրիշներ:

Օրուան մեծ երեւոյթը պիտի ըլլայ անկասկած այն հետաքրքրական հանդիպումը, որ պիտի ունենան ՀՄԸՄ-ի եւ Ռասինկի ԹԵՆՈՐՆԵՐԸ:

Վեթերաններու մրցումը պիտի սկսի ժամը ճիշդ 14:30-ին:

Չմոռնա՛ք:

Ժ. Ն.

 

 

Share this Article
CATEGORIES