Այլազան

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Դքսուհի Քէյթ Մետլթընի
80
Հազար Տոլար Արժող Զգեստը

12391Դքսուհի Քէյթ Մետլթըն կը համարուի բրիտանական նորաձեւութեան օրէնսդիր: Բրիտանական մամուլի ուշադրութիւնը տեւաբար կեդրոնացած է անոր զգեստներուն վրայ:

Վերջերս դքսուհին ամուսինին եւ 8 ամսու մանչուկին հետ Աւստրալիա եւ նոր Զելանտա շրջապտոյտի մը մեկնած է: Մինչ այդ  Քէյթ որոշած է թարմացնել զգեստապահարանը եւ շատ սուղ արժող հագուստ մը գնած է:

Այսպէս, նախքան մեկնիլը, դքսուհին այցելած է Ռալֆ Էնտ Ռասօ նորաձեւութեան տունը եւ 80 հազար տոլարի արժողութեամբ հագուստ գնած է:

Քէյթի մտերիմ աղբիւրի մը համաձայն, այս հագուստին գինը կ՛արժէ աւելի քան անցեալ տարի անոր գնած բոլոր հագուստները:

Իր այս գնումը արդարացնելու համար Քէյթ յայտնած է, թէ պատասխանատու ճամբորդութենէն առաջ ոգեշնչում կը փնտռէր, իսկ թանկարժէք հագուստը այդ նպատակին ծառայած է:

Ստորեւ նմուշ մը` Ռալֆ Էնտ Ռասոյի յղացումներէն:

Լայն Տաբատներու Վերադարձը

619x1000Այս գարնան նեղ ճինզ տաբատները այլեւս նորաձեւ չեն, ընդհակառա՛կը, այս եղանակին նորաձեւութեան տուները կ՛առաջարկեն շատ լայն տաբատներ:

Լայն տաբատներու գլխաւոր հեղինակներն են Տը Ռօու եւ Քթէ նորաձեւութեան տուները, իսկ անուանի աստղեր անմիջապէս որդեգրած են զանոնք:

Նկարին վրայ կը տեսնենք վայելուչ Վիքթորիա Պեքհամը, որ Լոնտոնի փողոցներուն մէջ կը թափառի բաց կապոյտ, լայն տաբատով մը:

Էլիզապէթ Բ. Թագուհիին Նուէրը`
Հռոմի Պապին

Queen-Elizabeth_PopeԲրիտանիոյ Էլիզապէթ Բ. թագուհին Հռոմի պապին հետ իր առաջին հանդիպումին ընթացքին խեցանօթով մեղր, շիշ մը ուիսքի եւ 10 հաւկիթ նուիրած է քահանայապետին: Իր արարքը թագուհին բացատրած է անով, որ ցանկացած է պապին արտասովոր բան մը նուիրել: Իր կարգին, պապը թագուհիին յանձնած է քարէ գունդ` գագաթին խաչով: Այս նուէրը նախատեսուած է թագուհիին ծոռան` Ճորճին համար:

Այս առիթով յայտնենք, որ Հռոմի պապ ֆրանչիսկոս Առաջինը բացասական կը համարէ իր անձը առասպելի վերածելու փորձերը:

Իր ուղերձներէն մէկուն մէջ ան շեշտած է, որ ինքը սովորական մարդ է, կրնայ խնդալ, լալ, երկար քնանալ եւ բոլորին պէս ընկերներ ունի: Ան խնդրած է մեծ ուշադրութիւն չդարձնել իր անձին ու արարքներուն եւ օրուան իւրաքանչիւր քայլը լուսարձակի տակ չառնել:

Նշենք, որ Վատիկանի պաշտօնական կայքը յայտնած է, որ պապը նեղուած է, որ իր պատկերով խաղալիքներ եւ լուսանկարներ կը վաճառուին խանութներու մէջ, եւ ինք սկսած է առաւելաբար ընկալուիլ որպէս աստղ կամ ժապաւէններու հերոս…

Փարիզի Առաջին Կին Քաղաքապետը

Anne-IdalgoԱպրիլ 5-ին Փարիզ մայրաքաղաքը ունեցաւ իր առաջին կին քաղաքապետը` Անն Իտալկօ:

54 տարեկան քաղաքապետը նախապէս եղած է քաղաքապետի տեղակալ եւ մերժած է նախարարի պաշտօնը` նախընտրելով կեդրոնանալ Փարիզի վրայ:

Իտալկոյի մօտիկներուն կարծիքով, ան ամչկոտ, մեղմ, ջերմ, հմայիչ եւ միեւնոյն ժամանակ վճռական անձնաւորութիւն է:

Յիշեցնենք, որ ան անցեալին յայտարարած է, որ Թուրքիան կրնայ եւրոմիութիւն մտնել միայն Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու պարագային:

Սպանիա ծնած քաղաքապետին մէկ այլ ծանօթ խօսքն է. «Փարիզցի ըլլալ` չի նշանակեր Փարիզ ծնած ըլլալ, կը նշանակէ` վերածնիլ այնտեղ»:

 

Ձեռային Աշխատանք

Հինը Նորի Վերածել

1962653_276293662539881_1232080300_nԱրդէն օդերը տաքցած են եւ վայրկեան առաջ կը մտածենք վերցնել ձմեռնային հագուստները եւ  տեղ բանալ ամառնայիններուն:

Եթէ բրդեայ բաճկոններ ունիք եւ որոշած էք ձերբազատիլ անոնցմէ, չնետէ՛ք զանոնք, այլ մտածեցէք գեղեցիկ բարձի երեսներու վերածել:

Շատ դիւրին գործ մըն է, ի հարկին դերձակուհիի մը դիմեցէք եւ ձեռք բերէք սիրուն բարձի երեսներ` զարդարելու համար ձեր բազկաթոռներն ու տիւանները:

 

Սննդագիտական

Քիչ Ջերմուժ Պարունակող 8 Ուտելիքներ

Քիչ ջերմուժ պարունակող, կուշտ պահող եւ չգիրցնող ուտելիքներու ցանկը կը հետաքրքրէ շատերը: Ահաւասիկ` այդ ուտելիքներէն մէկ քանին:

1

ail_iStock_000021484213XSmall_tfazevedoՍԽՏՈՐԸ: Իսրայէլի Ուէյզման հիմնարկի գիտնականները գտած են սխտորին մէկ այլ բարիքը… Արդարեւ, անոնց կարծիքով, սխտորը ոչ միայն կը կանխարգիլէ գիրութիւնը այլ կրնայ նոյնիսկ օգնել` նիհարնալու: Փորձեր ցոյց տուած են, թէ շատ շաքար պարունակող ուտելիքներով սնանող առնէտները նուազ կը գիրնան, եթէ միեւնոյն ատեն սխտոր սպառեն:

2

broccoli_1_1ՊՈՐՈՔԼԻՆ: Բնաթելով հարուստ պրոքոլին նաեւ կը պարունակէ Սէ., ՔԱ., Ա. եւ Պէ. խումբի կենսանիւթեր: Այս բանջարեղէնը քիչ ջերմուժ կը պարունակէ, կուշտ պահելու յատկութիւնը ունի, հետեւաբար թելադրելի է նիհարնալ փափաքողներուն:

3

celeryԿԱՐՈՍԸ: Նիհարնալ փափաքողները յաճախ կարոս կ՛ուտեն, քանի որ անիկա շատ քիչ ջերմուժ կը պարունակէ: Այսպէս կարոսի երկու միջակ ցօղուն հազիւ 10 ջերմուժ կը պարունակեն, անոնց ծանրութեան 95 առ հարիւրը ջուրէ բաղկացած է:

4

brussels-sproutsԿԱՂԱՄԲԸ: Բնաթելով հարուստ եւ ջերմուժով աղքատ այս բանջարեղէնը ոչ միայն չափազանց սննդարար եւ բուժիչ յատկութիւններով օժտուած է, այլ նաեւ խիստ թելադրելի է նիհարնալ փափաքողներուն:

5

ԽՈՇՈՐ ԴԴՈՒՄԸ: Բնաթելով, կենսանիւթերով եւ հանքայիններով հարուստ խոշոր դդումը նոյնպէս քիչ ջերմուժ պարունակող եւ սննդականոնի հետեւողներուն յարմար բանջարեղէն մըն է: Չմոռնանք, որ անիկա շատ հարուստ է նաեւ պեթա-քարոթենով:

6

cancernutrition_2ԵԼԱԿԸ: Երբ ձեր սիրտը քաղցր բան մը ուզէ, ելա՛կ կերէք: Քիչ ջերմուժ պարունակող, կենսանիւթերով եւ հանքայիններով հարուստ այս կարմիր պտուղը յարմարագոյն «քաղցրեղէն»-ն է:

7

corn_0ԵԳԻՊՏԱՑՈՐԵՆԸ: Եգիպտացորենի միջակ չափի հասկ մը 83 ջերմուժ կը պարունակէ: Անիկա նաեւ հարուստ է փոթասիոմով, թիամինով, բնաթելով եւ բնասպիտով: Եգիպտացորենը ախորժակ կտրող եւ կուշտ պահող ուտելիք է:

8

redpeppers_268_18_1ՊՂՊԵՂԸ: Փոքր, կծու կարմիր պղպեղը շատերու սիրելին է: Անիկա քիդ ջերմուժ կը պարունակէ, կը խթանէ մեր կարգ մը գործարանները, կ՛օգնէ, որ մարմինը այրէ իւղերը եւ կուշտ կը պահէ:

 

Խոհագիր

Պրոքոլիով Կրաթէն

IMG_6648-recetteԲաղադրութիւն 5 անձի համար.

1 քիլօ պրոքոլի
Կէս քիլօ հասուն լոլիկ
50 կրամ կրիւյէր պանիր
Քիչ մը ազատգեղ
Աղ, սեւ պղպեղ

Պատրաստութիւն

Պրոքոլին լուալ եւ կտրտել, 5-7 վայրկեան եռացած աղի ջուրի մէջ եփել, ապա քամոցի մէջ փոխադրել:

Պրոքոլիները շարել փուռի յարմար ափսէի մը յատակը, վրան շարել լոլիկի հաստ շերտերը եւ քիչ մը լոլիկի խիւս` ըստ փափաքի: Աղել, համեմել:

Տաշուած կրիւյէր պանիրով եւ մանրուած ազատքեղով ծածկել երեսը եւ փուռին մէջ եփել 15-20 վայրկեան:

Հրամցնել մսեղէնի մը կողքին:

Կարելի է հետը հրամցնել սխտորով ծեփուած, խորոված հացի շերտեր: Բարի՛ ախորժակ:

 

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Այժմ Եւ Միշտ

Մենք հող չենք ուզում որեւէ երկրից,
Այդ հողը մերն է, մերն էլ կը լինի:
Այն, ինչ արեան մէջ արմատ է ձգել
Դաշոյնն ու զէնքը երբեք չեն հանի:

Մենք կարեկցանքի խօսքեր չենք մուրում,
Այս ցաւը մերն է, տէրն ենք մենք նրա,
Եւ ակնկալիք արցունքի տեղակ
Կամքի հրաբուխ կը ժայթքենք հիմա:

Անտարբերութեան երկանքների մէջ
Էլ յոյսի ցորեն մենք չենք աղալու,
Որպէս Դոնքիշոտ կ՛ելնենք անմռունչ
Հողմաղացների դէմ պայքարելու:

Ահա գալիս ենք` ստի հողմաղաց,
Ահա գալիս ենք` հողմաղաց չարի,
Գալիս ենք ահա ոխի հողմաղաց,
Ահա գալիս ենք` հողմաղաց դարի:

Եւ կը գայ մի օր մի նոր Սերվանդէս,
Կը գրի վարքը մեր ասպետական,
Կը խնդան ոմանք, ոմանք կը տխրեն
Եւ կը զարմանան, որ կայ Հայաստան:

ԷԴՈՒԱՐԴ ՄԻԼԻՏՈՆԵԱՆ

 

 

 

 

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES