Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Քուէյթ

Գագիկ Ծառոիկեանի Այցը
Քուէյթի Ազգային Առաջնորդարան

kuwait.Gagig-ZarougianԱպրիլ 1-ին, Քուէյթի Ազգային առաջնորդարան այցելեց Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան նախագահ, Հայաստանի ազգային ողիմպիականի ղեկավար եւ Հայաստանի Ազգային ժողովի երեսփոխան Գագիկ Ծառուկեան:

Առաջնորդարանի դահլիճին մէջ թեմի Երեսփոխանական ժողովի ատենապետ Յարութիւն Պետիրեան խօսք առնելով` անդրադարձաւ Ծառուկեանի Հայաստանի բարգաւաճման եւ հզօրացման ի նպաստ նախաձեռնած բազմաբեղուն գործունէութեան: Ապա գաղութի հոգեւոր հովիւ Արտակ քհնյ. Քէհեայեան ներկայացուց Քուէյթի հայ համայնքի պատմութեան կարեւոր հանգրուանները: Թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Մասիս Ծ. վրդ. Զօպուեան անդրադարձաւ Ծառուկեանի անձը բնորոշող արժանիքներուն` ի նպաստ հայրենիքի բարգաւաճման ու հզօրացման, քաղաքական, մարդասիրական ու ընկերային մակարդակներու վրայ անոր տարած աշխատանքներուն , նպաստին ու ծրագիրներուն: Աւարտին Գագիկ Ծառուկեան իր տպաւորութիւնները փոխանցեց նոյն օր առաւօտուն ազգային վարժարան իր այցելութեան առնչութեամբ: Ան վեր առաւ Քուէյթի հայութեան եւ պատասխանատու մարմիններուն ազգանուէր աշխատանքը, ծառայութեան ոգին եւ ազգապահպանութեան ի նպաստ անոնց տարած նուիրական գործը: Գագիկ Ծառուկեան Քուէյթի հայութեան նուիրեց արծաթեայ խաչքար մը, իսկ կաթողիկոսական փոխանորդը թեմին անունով անոր փոխանցեց Քուէյթը խորհրդանշող նաւ մը:

 

Վրաստան

Հանդիպում Բանաստեղծ Եւ Գեղանկարիչ
Արեւշատ Աւագեանի Հետ   

avakian-GeorgiaՄարտ 22-ին, վիրահայոց թեմի «Հայարտուն» կեդրոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում յայտնի բանաստեղծ եւ գեղանկարիչ Արեւշատ Աւագեանի հետ: Կազմակերպուած էր նաեւ անոր աշխատանքներուն ցուցահանդէսը:

Վրաստանի հայ գրողներու «Վերնատուն» միութեան նախագահ Գէորգ Սնխճեան խօսք առնելով` անդրադարձաւ Արեւշատ Աւագեանին ունեցած գործունէութեան, անոր բանաստեղծական 25 ժողովածուներուն, գեղանկարչական 90 աշխատանքներուն, հրատարակած գիրքերուն եւ կազմակերպած ցուցահանդէսներուն:

Օրուան բանախօսներ` բանաստեղծ Միքայէլ Ախտեան, բանաստեղծ-թարգմանիչ Գիվի Շահնազար, բանաստեղծ, թարգմանիչ Անահիտ Բոստանճեան, մանրանկարիչ Մերուժան Շահումեան բնութագրեցին Արեւշատ Աւագեանը որպէս ստեղծագործող, գործօն հասարակական գործիչ, գրականագէտ, Հայաստանի Մշակոյթի հիմնադրամի տնօրէն եւ Մշակոյթի խորհրդարանի անդամ:

Վրաստանի գրողներու միութեան քարտուղար, «Ցիսկարի» ամսագիրի խմբագիր Պաղաթեր Արապուլի, կարեւոր նկատեց հայ-վրացական բարեկամութիւնը սերունդներուն փոխանցելու հանգամանքը, արժեւորեց տարիներ առաջ Հայաստանի մէջ «Գարուն» եւ Վրաստանի մէջ «Ցիսկարի» ամսագրերու համագործակցութիւնը:

Վիրահայոց թեմի առաջնորդ Վազգեն եպս. Միրզախանեան իր գնահատանքի խօսքին մէջ կարեւոր նկատեց Աւագեանին դերը հայ մշակոյթի զարգացման, ազգային արժէքներու գնահատման, հայ մարդու կերպարի ձեւաւորման գործին մէջ: Սրբազան հայրը նաեւ արժեւորեց հայ-վրացական բարեկամութեան զարգացման, մշակոյթներու, արուեստի մօտեցման գործին մէջ անոնց գործունէութիւնը:

Ձեռնարկի ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:

 

Թորոնթօ

Թատերական Բեմադրութիւն` Նուիրուած
Շարլ Ազնաւուրի Կեանքին Ու Գործունէութեան

aznavour-Toronto2014 հոկտեմբերին Թորոնթոյի մէջ «Նեսեսըրի էնճըլ թիաթըր քոմփանի»ի կողմէ Շարլ Ազնաւուրի 90-ամեայ յոբելեանին առիթով պիտի ներկայացուի թատերական բեմադրութիւն մը` նուիրուած անոր կեանքին ու գործունէութեան:

Առ այդ, 22 մարտին Քանատայի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան աջակցութեամբ Թորոնթոյի մէջ տեղի ունեցաւ յատուկ ձեռնարկ:

Երեկոյի ընթացքին թատերախումբին կողմէ ներկայացուեցաւ թատերական բեմադրութեան նախնական տարբերակը:

 

Միացեալ Նահանգներ

Զեփիւռ Ռէյիսեան Զեկուցեց Պոսթոնի
Եւ Ուաշինկթընի Մէջ

zepur-reyissianՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Զեփիւռ Ռէյիսեան (Հալէպ)  վերջերս Միացեալ Նահանգներ այցելած էր մասնակցելու համար Պոսթոնի մէջ կատարուած լիագումարին: Այս առթիւ, կարելի եղաւ զեկուցական հաւաք մը կազմակերպել թէ՛ Պոսթոնի եւ թէ՛ Ուաշինկթընի մէջ` յաջորդաբար կիրակի մարտ 23-ին եւ երեքշաբթի մարտ 25-ին:

Ռէյիսեան մանրամասնօրէն ներկայացուց յատկապէս Հալէպի իրավիճակը: Անոր համար ալ նորութիւն էր Քեսապի մէջ ստեղծուած կացութիւնը:

Իր զեկուցումին մէջ, Ռէյիսեան նշեց, թէ 2012-ի ամրան վերջաւորութեան պատերազմական գործողութեանց քաղաքի տարբեր բաժիններու մէջ ծաւալման արդիւնք, Հալէպի մէջ վատթարացաւ կացութիւնը, բազմաթիւ արհեստանոցներ կամ գործատեղիներ փակ մնացին` զրկելով ընտանիքները եկամուտի հնարաւորութենէն: Ապա, կարճ ժամանակաշրջան մը ետք, վրայ հասան նաեւ  սղութիւնն ու ելեկտրականութեան, կազի ու վառելանիւթի տագնապը, առօրեայ սնունդի պակասը: Այնքան մը, որ նպաստամատոյց կողմերու բաժնած սննդամթերքի կողովներու պարունակութիւնը տաք ճաշի եւ լիարժէք սնունդի վերածելն իսկ շատերու համար դարձաւ անկարելիութիւն:

Ռէյիսեան շեշտեց, թէ Սուրիոյ մէջ տագնապը ծայր առած էր մարտ 2011-ին, սակայն հայահոծ բնակչութեամբ քաղաքները` Հալէպ, Գամիշլի, Դամասկոս, Լաթաքիա եւ Քեսապ, մինչեւ 2012-ի սկիզբները լուրջ ընդհարումներու թատերաբեմ չէին: Անկախ զարգացման հաւանականութեան մտահոգութենէն, տագնապը միայն տնտեսական իր անդրադարձով սկսած էր ճնշելու ընտանիքներն ու հաստատութիւնները: «Այս կացութեան ի տես, Կեդրոնական վարչութիւնը հանգամանօրէն սերտելէ ետք օժանդակութեան հնարաւոր ծրագիրները, նպատակայարմար համարեց առաջին հերթին աշխարհասփիւռ իր միաւորներու ճամբով հանգանակութիւն կազմակերպել` ի նպաստ Սուրիոյ մէջ գործող հայկական վարժարաններուն, որոնց հայապահպան դերակատարութիւնը առանցքային է ե՛ւ գաղութին ե՛ւ սփիւռքեան մեր իրականութեան համար:

Վարժարաններու գործունէութեան շարունակութեան նպաստելու, ինչպէս նաեւ ընտանիքներու բեռը թեթեւցնելու հեռանկարով, օժանդակութիւնը վարժարաններու ճամբով յատկացուեցաւ կարիքաւոր աշակերտներու կրթաթոշակներուն», ըսաւ ան` տեղեկացնելով, թէ մայիս 2012-ին հրապարակուած է կոչը եւ կարճ ժամանակի ընթացքին, միաւորներու աշխուժ աշխատանքին, բայց մանաւանդ համակիրներու վստահութեամբ կատարած նուիրատուութեանց շնորհիւ կարելի եղած է նկատառելի գումար մը գոյացնել: Սուրիոյ միաւորը, տեղւոյն Ազգային իշխանութեանց հետ համախորհուրդ, շնորհակալ բծախնդրութեամբ կատարեց վարժարաններու ցուցակներու պատրաստութիւնն ու յատկացուելիք գումարներու ճշդումը, աւելի ուշ` նաեւ գումարներու յանձնումն ու համապատասխան հաշուական արխիւին անհրաժեշտ փաստաթուղթերուն պատրաստութիւնը:

Ան փոխանցեց, թէ հոկտեմբեր 2012-ին տարբեր քաղաքներու մէջ գործող համայնքային թէ միութենական 27 վարժարաններ ստացան հարիւր հազար ամերիկեան տոլարի ընդհանուր յատկացումէն իրենց բաժինը:

Ռէյիսեան յայտնեց, թէ ՀՕՄ-ականներն ու համակիրները մեծապէս գնահատելով «Տաք ճաշ»-ի ծրագիրը` քաջալերական անվերապահ իրենց ներդրումը ունեցան: Այսպէս, Կեդրոնական վարչութիւնը նկատի ունենալով տեղւոյն միաւորի ճաշի «Փեթակ» վաճառատան խոհանոցային հնարաւորութիւնը, նախագծեց կարօտեալ ընտանիքները տաք ճաշով ապահովելու ծրագիրը: Շրջանային վարչութեան հետ իրագործման կարելիութեանց գծով խորհրդակցելէ ետք, առաջին նիւթական յատկացումը ինք կատարելով` քաջալերեց, որ միաւորը սկսի այս ուղղութեամբ աշխատանքի: Ապահովական թէ կենցաղային ծանր պայմաններու մէջ, ՀՕՄ-ականներու, տեղական ընկալեալ անուանումով Խաչուհիներ, անձնուէր աշխատանքին շնորհիւ, նոյեմբերի 2012-ի կիսուն սկիզբ առաւ այս ծրագիրը, որ սկզբնական փորձառական շրջանին, շաբաթական մէկ անգամ, 110-125 անձի, մօտաւորապէս 35-40 ընտանիքի տրամադրեց տաք ճաշ:

Փորձի յաջողութեան եւ կարիքէն մեկնած` փետրուար 2013-ին Կեդրոնական վարչութիւնը դիմեց իր միաւորներուն, որ անկախ սուրիահայութեան ի նպաստ ցարդ ստանձնած իրենց յանձնառութիւններէն եւ գաղութային մարմիններուն մէջ իրենց գործօն ներդրումէն` փորձեն ապահովել այս ծրագիրին համար բարերարներ, եւ կազմակերպական ներքին դասաւորումով իւրաքանչիւր մասնաճիւղ ստանձնէ գէթ մէկ օրուան ճաշի մատակարարման հովանաւորութիւնը` յատկացնելով 250 տոլար: Ռէյիսեան մեծ գոհունակութեամբ յայտնեց, թէ միաւորները այս ծրագիրին եւս անվերապահ աջակցութիւն ցուցաբերեցին:

Որոշ շրջան մը շաբաթական երկու անգամ ճաշ մատակարարուելէ ետք, ծրագիրը սկսած է իրագործուելու շաբաթական երեք անգամով, իւրաքանչիւր անգամ 100 անձ, այսինքն` շաբաթական երեք հարիւր անձ, աւելի քան ութսուն ընտանիքներ, կը ստանան բծախնդրութեամբ պատրաստուած տաք ճաշը, որ անկախ սննդային արժէքէն, ունի նաեւ հոգեբանական բարերար անդրադարձ:

Ռէյիսեան զեկուցեց նաեւ Հայաստան կայք հաստատող սուրիահայերուն մասին, որոնց աճող թիւին հետ հետզհետէ ստեղծուեցան դժուարութիւններ: Այս գծով, ՀՕՄ-ի Հայաստանի միաւորը այս նպատակով արդէն իսկ յառաջացուցած է Սուրիահայերու օժանդակութեան յանձնախումբ մը. գործնական նկատառումներով այս յանձնախումբին կազմութեան ընթացքին նկատի առնուած են նաեւ Երեւան գտնուող Սուրիոյ միաւորի ընկերուհիներ:

Ըստ Ռէյիսեանի, Կեդրոնական վարչութեան նիւթական ներդրումով, ապա նաեւ «Օգնի՛ր եղբօրդ» նախաձեռնութեան հետ սերտ գործակցութեամբ կամ Շրջանային վարչութեան յատկացումներով, յանձնախումբը սուրիահայ ընկերուհիներու կազմած ցուցակներուն հիմամբ 2012-ի աշնան բաժնած է ձմեռնային վերմակներ, տաք հագուստներ եւ կօշիկներ: Օժանդակութիւն ցուցաբերուած է բնակարանային խնդիրներու լուծման, կամ առողջապահական լուրջ պարագաներ ունեցողներու: Շարունակական բնոյթ ունի ճշդուած պարբերականութեամբ սննդամթերքի բաշխումը:

Նկատի ունենալով, որ պատերազմական վիճակի պատճառով Սուրիոյ միաւորին հասութաբեր նախաձեռնութիւնները դադրած էին աշխատանքէ` տնտեսական լուրջ տագնապի սեմին կանգնեցնելով միաւորը, Կեդրոնական վարչութիւնը իր օժանդակութեանց կողքին, աշխատանք տարաւ Հիւսիսային Ամերիկայի միաւորներուն մօտ` սպառելու շրջանի ձեռարուեստի վաճառատան արտադրութիւնները: Այս նախաձեռնութեամբ, յատկապէս Միացեալ Նահանգներ, Արեւելեան շրջանի եւ Քանատայի միաւորներու ջանքերով կարելի եղաւ վաճառատան համար  ապահովել շօշափելի եկամուտ, միաժամանակ վաճառատան հետ գործակցող կիներուն աշխատանքի, հետեւաբար անոնց ընտանիքներուն եկամուտի հնարաւորութիւն:

Ռաքքայի եւ Եագուպիէի նման վտանգուած փոքր քաղաքներէ եւ գիւղերէ գաղթական դարձած ընտանիքներ հիւրընկալելու հարկադրանքը, տարբեր քաղաքներու մէջ գործող մասնաճիւղերը խնամատարական յաւելեալ օժանդակութեան պարտաւորութեան դէմ յանդիման դրած էր: Այս պարագան նկատի առած` Կեդրոնական վարչութիւնը շրջաններու մասնաճիւղերուն, մանաւանդ Հալէպի մէջ բնակող կարիքաւոր ընտանիքներուն կենցաղային կարիքները հոգալու համար շօշափելի գումար մը փոխանցեց Շրջանային վարչութեան:

«Քաջատեղեակ եմ, որ բոլորին ցանկութիւնն է ամենակարճ ժամանակի ընթացքին մայր գաղութը տեսնել երբեմնի իր խաղաղ եւ բարգաւաճ վիճակին մէջ. այսուհանդերձ, պահի եւ կարիքի անհրաժեշտութենէն մեկնած, օժանդակութեան նոր նախաձեռնութիւններով տագնապահար գաղութի զաւակներուն օգտակար դառնալու համար Կեդրոնական վարչութիւնը կը շարունակէ զօրաշարժի մէջ պահել ՀՕՄ-ի կազմակերպական ամբողջ կառոյցը, աշխարհասփիւռ միաւորները, որոնց յանձնառու վերաբերումը, առաքելութեան հանդէպ հաւատարմութիւնը փայլուն տողերով պիտի արձանագրուին մեր կազմակերպութեան պատմութեան առաջին էջերուն վրայ», եզրակացուց ան:

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ
Եղբայրակցութեան Առաջնորդարան Այցը

visit.2603Մարտ 26-ին, Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ Հոգեւոր եղբայրակցութեան վարչութեան անդամները այցելեցին Ազգային առաջնորդարան եւ դիմաւորուեցան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի կողմէ: Միտքերու եւ մտահոգութիւններու փոխանակումէ ետք, վարչութեան անդամները իրենց երախտագիտութիւնը յայտնեցին առաջնորդին զօրակցութեան եւ խորհրդատուութեան համար: Սրբազանը, իր կարգին, իր պատրաստակամութիւնը վերահաստատեց աջակցութեան եւ հովանաւորութեան` շեշտելով հաւատարմութեան եւ Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ դաւանանքէն ու ուսուցումներէն չշեղելու անհրաժեշտութիւնը:

Հոգեւոր եղբայրակցութեան վարչութեան անդամները, որդիական երախտագիտութեան իբրեւ արտայայտութիւն, Ազգային առաջնորդարանին փոխանցեցին նուիրատուութիւն մը` բարեսիրական որեւէ աշխատանքի մը յատկացնելու փափաքով: Առաջնորդը փոխադարձաբար հիւրերուն նուիրեց Հայ մօր տարուան առթիւ լոյս տեսած «Աշակերտական աղօթքներ» գիրքէն օրինակներ եւ յաջողութիւն մաղթեց իրենց ապագայ ծրագիրներուն:

Բարերար Հերի Նաճարեան Կը Պարգեւատրուի
«
Հաուս Աֆ Լեպանոն»-ի Կողմէ

harrynadjarianԱպրիլ 5-ին, «Պեւըրլի Հիլթըն» պանդոկին մէջ  տեղի ունեցաւ «Հաուս աֆ Լեպանոն»ի տարեկան ձեռնարկը, որուն ընթացքին գաղութի բարերարներէն Հերի Նաճարեան արժանացաւ յատուկ պարգեւատրումի:

Նկատի ունենալով, որ առաջնորդ սրբազանը կը գտնուէր Անթիլիաս` մասնակցելու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Միաբանական ընդհանուր ժողովներուն, ան նախապէս իր «օրհնութեան եւ շնորհաւորանքի գիր»ը յղեց Հերի Նաճարեանին` շնորհաւորելով անոր պարգեւատրումը եւ գնահատելով բարեսիրական գործունէութիւններն ու նուիրաբերումները Հայ եկեղեցւոյ, առաջնորդարանին, դպրոցներուն եւ հայ համայնքին ընդհանրապէս:

«Նարեկ» Մշակութային Հիմնարկին
«
Սա Երեւանն Է» Երգահանդէսը

nareg-2303Կազմակերպութեամբ «Նարեկ» մշակութային հիմնարկին, իր հիմնադրութեան 25-րդ տարեդարձին առիթով, 23 մարտին Կլենտէյլի «Ալեքս» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Սա Երեւանն Է» երգահանդէսը, որ ձօնուած էր Հայաստանի մայրաքաղաք Երեւանին:

Հայաստանէն  ժամանած  հանրածանօթ եւ նշանաւոր 12 արուեստագէտներ մեկնաբանեցին 1970-ական թուականի ժողովրդային հայերէն երգեր:

Երգահանդէսի ընթացքին նշանաւոր հայ երգահան Կոստանդին Օրբէլեան պատիւի արժանացաւ` երաժշտական մարզէն ներս իր արձանագրած մեծ յաջողութիւններուն եւ հայ երաժշտութեան մատուցած իր անթիւ ծառայութիւններուն համար:

Ձեռնարկի աւարտին թեմի  առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան իր օրհնութիւնները փոխանցեց «Նարեկ» հիմնարկի հիմնադիր եւ նախագահ Ռիմա Սարեանին եւ քաջալերեց զայն, որ հաստատ մնայ փոքրիկներու սիրտերուն մէջ հայ ժողովուրդի հարուստ մշակութային ժառանգութիւնը դրոշմելու գործին մէջ:

«Նարեկ» մշակութային հիմնարկը, որ հիմնուած է 1989-ին, գլխաւոր ուշադրութիւնը կը կեդրոնացնէ իր նախաձեռնած ամէնօրեայ խնամակալութեան եւ հայ փոքրիկներու Շաբաթօրեայ դպրոցին վրայ: Ամէնօրեայ խնամակալութիւնը կ՛ընդունի 2-5 տարեկան փոքրիկներ եւ ցարդ ունի շուրջ 90 փոքրիկ: Շաբաթօրեայ դպրոցը ունի 400 աշակերտ եւ կ՛արձանագրէ աւելի մեծ տարիք ունեցող փոքրիկներ` հայերէնի, հայոց պատմութեան եւ հայ մշակոյթի ուսուցման համար:

«Անի» Պարախումբին Ելոյթը

ani-barakhoumpՀամազգայինի «Անի» պարախումբը երկու պարերով ելոյթ ունեցաւ ԹՄՄ «Արշակ Տիգրանեան» վարժարանի 33-րդ տարեկան ճաշկերոյթին: «Անի» պարախումբը այս տարի կը թեւակոխէ իր 40-ամեակը: Այս առիթով, կը պատրաստուի  համերգ մը 13 դեկտեմբերին, Կլենտէյլ Հայ Սքուլի դահլիճին մէջ: Նաեւ այս առթիւ տեղի պիտի ունենայ ճաշկերոյթ մը:

Յայտնենք, որ պարախումբը հիմնուած է 1974-ին, Լոս Անճելըսի մէջ Եղիա Հաշօլեանի եւ Սիւզի Բարսեղեան-Դարբինեանի կողմէ. որոնք նաեւ կամաւոր պարուսոյցներն են պարախումբին:ց աճող թիւին հետ հետզհետէ ստեղծուեցան դժուարութիւններ:

 

 

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES