Րաֆֆի Մանտալեանի Ճազի Առաջին Մենահամերգը

Հարցազրոյցը վարեց` ԱՐՇՕ ՊԱԼԵԱՆ

DSC_0390Լիբանանահայ երիտասարդ տաղանդ Րաֆֆի Մանտալեան այն հազուագիւտ երաժիշտներէն է, որ իր գարուն հասակին արդէն իսկ ընդարձակ գործունէութիւն ունեցած է Արթիւր Սաթեանի եւ Ռահպանի ընտանիքին հետ:

Րաֆֆի Մանտալեան Համրայի «Մեթրօ մատինա» թատերասրահին մէջ շաբաթ, 12 ապրիլ 2014-ին, երեկոյեան ժամը 10:00-ին, պիտի ունենայ ճազի ժանրի իր առաջին մենահամերգը:

Այս առիթով «Ազդակ» Ր. Մանտալեանի հետ  կատարեց հարցազրոյց մը` լուսարձակի տակ առնելու համար երիտասարդ այս տաղանդին երաժշտական ենթահողն ու փորձառութիւնները:

«Երաժշտութեան հանդէպ սէրս եւ հետաքրքրութիւններս սկսած են 16 տարեկանիս, երբ ունեցայ կիթառ մը եւ սկսայ տան մէջ կատարել առաջին փորձերս: Երկու տարի ետք սկսայ յաճախել Պետական երաժշտանոց, ուր ութ տարի շարունակ հետեւեցայ դասական կիթառի փորձերուն», ըսաւ ան:

Պետական երաժշտանոցին մէջ հետեւած իր դասերուն զուգահեռ, Ր. Մանտալեան Քասլիքի Ս. Հոգի համալսարանին մէջ հետեւած է երաժշտագիտութեան ճիւղին եւ` մագիստրոսի վկայականը ստացած:

Համալսարանական ուսման տարիներուն Ր. Մանտալեան սկսած է տարբեր առիթներով եւ տարբեր շրջանակներու մէջ նուագել, բեմեր բարձրանալ` ամրապնդելով իր ինքնավստահութիւնը:

«Ճազի ծանօթացումս եւ երաժշտական այդ աշխարհ իմ մուտքս առաջնորդուած է ճազ-դաշնակահար Արթիւր Սաթեանի կողմէ, որուն ծանօթացայ Պետական երաժշտանոցին մէջ: Պետական երաժշտանոցի դասերուն հետեւած օրերէս մէկուն ընթացքին Ա. Սաթեան լսեց ելոյթս եւ հրաւիրեց զիս նուագելու իր ընկերակցութեամբ», ըսաւ ան:

Շուրջ 10 տարի է ի վեր Ր. Մանտալեան Ա. Սաթեանի կողքին կը նուագէ տարբեր փապերու, ճազ քլապներու եւ համերգներու ընթացքին, եւ այդ տարիներուն արդէն իսկ սկսած է նաեւ նուագել այլ երաժիշտներու հետ, որոնցմէ լիբանանեան երաժշտութեան եւ մշակոյթին մէջ ամէնէն երեւելի ընտանիքին` Ռահպանի ընտանիքին հետ, սկսելով Զիատ Ռահպանիէն, անցնելով Ֆէյրուզին, հասնելով Ուսամայի, Էլիասի եւ Ղասսան Ռահպանիներուն:

Թէ ինչպէ՞ս Ր. Մանտալեան հասած է բծախնդիր, արհեստավարժ եւ աշխատանքի իմաստով խստապահանջ Ռահպանիներուն հարցումին պատասխանելով` ան ըսաւ, որ Զիատ Ռահպանի իր ելոյթը տեսած է եւ աւելի ուշ կապուած է իրեն հետ ու  հրաւիրած է նուագելու 80-ական թուականները յատկանշող երաժշտութեան վերաբերեալ ելոյթի մը, որ տեղի ունեցաւ երեք ամսուան ընթացքին, փապ-ի մը մէջ:

Ապա 2007-ին ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի պալատին մէջ Զիատ Ռահպանի ունեցաւ իր հսկայ մենահամերգը, որուն հրաւիրած էին նաեւ հայրենի երաժիշտներ:

«Զիատ Ռահպանիի հետ նուագած եմ նաեւ Դամասկոսի ելոյթին ընթացքին, իսկ Ֆէյրուզի հետ գործակցութիւնը եղած է անոր հրապարակած «Ֆի ամալ» խտասալիկին ձայնագրութեամբ», ըսաւ ան:

Ր. Մանտալեան նշեց, որ Ուսամա Ռահպանիին հետ նաեւ նուագած է զանազան երաժշտական նախաձեռնութիւններու ընթացքին:

Raffi-Final-Flyer«Էլիաս եւ Ղասսան Ռահպանիներուն հետ գործակցութիւնը արդէն իսկ սկսած է, սակայն առաջին անգամ ըլլալով է, որ անոնց հետ պիտի նուագեմ 25 ապրիլ 2014-ին, Տուպայի մէջ Էլիաս Ռահպանիին յօրինումները հնչեցնելու նպատակով», աւելցուց ան:

Ր. Մանտալեան շեշտեց, որ իր մեծագոյն փորձառութիւնը, սակայն, Զիատ Ռահպանիի հետ նուագելու ընթացքին շահած է եւ ինք այդ առումով բախտաւոր կը զգայ, որովհետեւ լիբանանեան մակարդակի վրայ կիթառահարները ընդհանրապէս առիթ չեն ունենար մեծ նուագախումբերու հետ ելոյթներ ունենալու:

Խօսելով շաբաթ օրուան իր մենահամերգին մասին` Ր. Մանտալեան շեշտեց, որ իրեն համար շատ կարեւոր է այդ ելոյթը, որովհետեւ անիկա իր առաջին պաշտօնական մենահամերգն է, որուն ամբողջ ծրագիրը ինք մշակած է:

Մենահամերգին ընթացքին պիտի հնչեն Ր. Մանտալեանի երեք անձնական յօրինումները, ճազի չորս հանրայայտ կտորներու իր վերամշակումը, ինչպէս նաեւ` Կոմիտասի «Շողեր ջան»-ը, որուն վերամշակումը դարձեալ իրեն կը պատկանի:

Անկախ այն իրողութենէն, որ այս մենահամերգին նպատակն է Ր. Մանտալեանը իբրեւ փաստել, նաեւ կայ ճազը լիբանանցիներուն հասցնելու նպատակ մը: «Լիբանանի մէջ քիչերն են, որոնք կը հետեւին ճազի ժանրին, եւ ես ձեւով մը պարտականութիւն կը զգամ իմ պատրաստած երաժշտական կտորներու` հաւաքածոյով հասնիլ ունկնդիրներուն սրտերուն»:

Հայկական երաժշտութեան հետեւելու իր ծանօթ ըլլալուն եւ հետեւելուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` Ր. Մանտալեան շեշտեց, որ ինք միշտ ալ հետեւած է հայկական երաժշտութեան եւ համալսարանական տարիներուն իր պատրաստած բոլոր ներկայացումները եղած են հայկական երաժշտութեան մասին:

«Այդ տարիները առիթ էին ինծի համար իմանալու իմ երաժշտութիւնս, որ այնքա՛ն հարազատ էր ինծի համար եւ այնքա՛ն հարուստ: Հետեւաբար ես ինքզինքս պատասխանատու կը զգամ պահպանելու նաեւ հայկական երաժշտութիւնը` զայն ներկայացնելով եւ յոյս ունիմ, որ օր մը ամբողջութեամբ հայկական երաժշտութեան համերգով կը ներկայանամ հանրութեան», շեշտեց ան:

Ր. Մանտալեան լիբանանահայ երիտասարդը հրաւիրեց ներկայ գտնուելու իր մենահամերգին` ըսելով. «Եկէ՛ք եւ փորձեցէք, եւ վստահ եմ, որ եթէ երաժշտութիւն կը սիրէք,  պիտի մնաք»:

 

 

Share this Article
CATEGORIES