Վաստակաւոր Գեղանկարիչ Յարութիւն Թորոսեան Պիտի Պարգեւատրուի Մշակոյթի Նախարարութեան Կողմէ

Մշակոյթի նախկին նախարար Կեպի Լայեուն կ՛ընդունի Յարութ Թորոսեանը
Ուրախութեամբ կ՛իմանանք, որ Լիբանանի մշակոյթի նախկին նախարարը` Կեպի Լայեուն` ընդառաջելով «Աքատեմի Լիպանեզ»-ի տնօրէն` Անտրէ Պեքազիի խնդրանք-առաջարկին, որոշած է մշակոյթի մետալ շնորհել «Ազդակ»-ի մեր թղթակից` նկարիչ Յարութիւն Թորոսեանին, իրեն ի պատիւ կազմակերպուելիք հանդիսութեան ընթացքին, որ պիտի վայելէ բարձր հովանաւորութիւնը մշակոյթի նախարարին:
Կը շնորհաւորենք:
Ստորեւ` կը ներկայացնենք Անտրէ Պեքազի նամակն ու այդ օրերու մշակոյթի նախարար Կեպի Լայեունի պատասխանը:
Խնդրագիր
Ձերդ գերազանցութիւն ճարտարագէտ Կեպի Լայեուն, նախարար մշակոյթի,
Խնդրագիր. պատուել արժանաւոր արուեստագէտ Յարութիւն Թորոսեանը:
Հեղինակ խնդրագիրի` ճարտարագէտ Անտրէ Պեքազի` տնօրէն «Աքատեմի Լիպանէե տէ պօ զ՛արի»:
Նկատի ունենալով, որ արուեստագէտ նկարիչ, վարպետ Յարութիւն Թորոսեան դարձած է ութսուն տարեկան եւ եղած է արուեստի ուսուցիչ ու նկարիչ, նաեւ փառաւորած Լիբանանի ստեղծագործական կեանքը` իրականացնելով բարձր մակարդակի գործեր արժանի է պատուըւելու մշակոյթի նախարարութեան մետալով:
Հետեւաբար կը մաղթենք, որ ձերդ գերազանցութիւնը, եթէ կարելի է, ընդունի մեր խնդրանքը, նաեւ մեր շնորհակալութիւնը եւ հովանաւորէ Յ. Թորոսեանի ի պատիւ կազմակերպուելիք հանդիսութիւնը, որ տեղի պիտի ունենայ մայիս 2014-ին, «Աքատեմի Լիպանեզ»-ի մէջ:
Հաճեցէք ընդունիլ, պարոն նախարար, մեր խորին շնորհակալութիւնը:
Տնօրէն «Աքատեմի Լիպանեզ»-ի
Անտրէ Պեքազի
***
Լիբանանի հանրապետութեան մշակոյթի նախարարութիւն
Պէյրութ, 19 դեկտեմբեր 2013
Պարոն Անտրէ Պեքազի`
տնօրէն «Աքատեմի Լիպանեզ տէ պօ զ՛ար»-ի,
Հիմնուելով ձեր 03/12/2013 նամակին վրայ, որով կը խնդրէք մշակոյթի նախարարութեան պատուել արուեստագէտ Յարութ Թորոսեանը` իրեն շնորհելով մշակոյթի մետալը, եւ
տրուած ըլլալով, որ գիտակից ենք պատուելու լիբանանցի ստեղծագործողները եւ քաջալերելու, որ աւելի ստեղծագործեն, մշակոյթի նախարարութիւնը սիրով կ՛ընդառաջէ խնդրանքին` «Աքատեմի Լիպանեզ»-ի կազմակերպելիք մշակութային հանդիսութեան ընթացքին, որ պիտի կրէ մեր հովանաւորութիւնը:
Մշակոյթի նախարար
Ճարտարագէտ Կեպի Լայեուն

