Սուրիոյ Բանակը Ռանքուսը Առաւ Իր Վերահսկողութեան Տակ

Kessab-0904Սուրիոյ կանոնաւոր բանակը Քալամուն շրջանի Ռանքուս գիւղաքաղաքը առաւ իր ամբողջական վերահսկողութեան տակ եւ սկսաւ այդտեղ գտնուող ականները վնասազերծել, մինչ բուռն բախումները կը շարունակուին գիւղաքաղաքին մօտ գտնուող բլուրներուն վրայ:

Լիուա Իսլամ յայտարարեց, որ Ռանքուսի ճակատամարտին ընթացքին իր շարքերէն 140 զինեալներ սպաննուած են: Մնացեալ զինեալները հեռացած են Քալամունի գիւղական շրջանին մէջ գտնուող Զապատանիի ուղղութեամբ: Ժապհաթ Նուսրա իր կարգին յայտարարեց, որ Ռանքուսի մէջ սպաննուած է իր տեղւոյն հրամանատարը` Ապու Թալհա Պաղտատին, որ իրաքցի է:

Նշենք, որ նախքան Ռանքուս մուտք գործելը, Սուրիոյ բանակը գրաւած էր Սայետնայայի ռազմավարական դիտարանը, ուր կը գտնուի սուրիական բանակի ելեկտրոնային պատերազմի զօրանոցը:

Share this Article
CATEGORIES