Արսալի Մէջ. Բանակը Ձերբակալեց Ինքնաշարժ Ականող Յանցագործ Մը
Բանակի հրամանատարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ երէկ Արսալի մէջ բանակի անկարգելաւորներու զօրամասը կրցած է ձերբակալել ինքնաշարժ ականող վտանգաւոր յանցագործ մը, որուն կ՛ընկերակցէին եօթը ուրիշներ:
Ըստ բանակին հաղորդագրութեան, բանակը անոնց մօտ գտած է բջիջային հեռաձայններ, համակարգիչներ եւ կարեւոր փաստաթուղթեր:
Միւս կողմէ, բանակը Թրիփոլիի մէջ շարունակեց կատարել իր հետապնդումները, որոնց շրջագիծին մէջ ան Պարանիէի եւ Թըպպանէի մէջ ձերբակալեց երկու յանցագործներ:
Նշենք նաեւ, որ նախանցեալ երեկոյեան բանակը Աքքարի մէջ ենթարկուեցաւ կրակոցի, որուն պատճառով սպաննուեցաւ բանակի շրջուն ջոկատը առաջնորդող սպան եւ վիրաւորուեցան ուրիշ զինուորներ:
Աքքարի Քամուաա շրջանին մէջ բանակը հետապնդեց շարք մը կասկածելիներ եւ շրջափակեց զանոնք:
Բանակին վրայ կրակ բացող յանցագործը առաւօտեան կանուխ ժամերուն անձնասպանութիւն գործեց:
ԵՐԷԿ ուշ գիշերին Թրիփոլիի Սուրիա փողոցին մէջ եւ Ռըշուանի մզկիթին կողքին բախումներ արձանագրուեցան բանակին եւ զինեալներուն միջեւ:

