Ցամաքային Եւ Ծովային Բողոքի Տարբեր Նստացոյցերուն Լոյսին Տակ. Խորհրդարանը Քաղաքացիական Պաշտպանութեան Կամաւոր Ուժերը Դարձուց Պաշտօնեաներ
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ նախագահեց խորհրդարանի օրէնսդրական նիստին, որուն ընթացքին վաւերացուց քաղաքացիական պաշտպանութեան կամաւոր ուժերը պաշտօնեաներու վերածելու օրինագիծը:
Նշենք, որ քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերը երէկ առաւօտեան բողոքի իրենց խաղաղ նստացոյցը կատարեցին ծովուն մէջ լողալով: Անոնք նախապէս յայտարարած էին, որ խորհրդարանին կողմէ իրենց վերաբերող օրինագիծին մերժումին պարագային, իրենք պիտի լողան ու բնաւ պիտի չվերադառնան:
Սակայն խորհրդարանին վաւերացուցած այն օրէնքը, որուն հիման վրայ անոնք վերածուեցան պաշտօնեաներու, պատճառ դարձաւ, որ ծովուն մէջ անոնք հնչեցնեն Լիբանանի քայլերգը:
Օրէնքին վաւերացումէն ետք քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերուն մէկ պատուիրակութիւնը այցելեց ներքին գործոց նախարարի Նուհատ Մաշնուքի եւ շնորհակալութիւն յայտնեց անոր օրինագիծը բարեփոխումի ենթարկելու եւ անոր վաւերացումը դիւրացնելու նպատակով ջանքերուն համար:
Մաշնուք մաղթեց, որ անոնք նոյն ոգիով շարունակեն ծառայել լիբանանցիներուն` աւելցնելով, որ շնորհակալութեան կարիք չկայ, որովհետեւ անոնք իրենց իրաւունքը ստացած են:
Ռիատ Սոլհի Հրապարակը Վերածուեցաւ
Նստացոյցերու Կեդրոնի

Ուսուցիչներու ցոյցը
Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդը երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին խիտ շարքերով ուղղուեցաւ Ռիատ Սոլհի հրապարակ, ուր գործադրեց բողոքի իր նստացոյցը` պահանջելով անյապաղ վաւերացնել պետական պաշտօնեաներուն եւ ուսուցիչներուն աշխատավարձի յաւելումները:
Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդի նախագահ Հաննա Ղարիպ շեշտեց, որ բաւարար է աշխատավարձի յաւելումները յապաղեցնելու հանգրուանը:
Ղարիպ խստիւ մերժեց յաւելումները մասնավճարի դրութեամբ կատարելու միտումները` շեշտելով, որ նման պարագայի իրենք 18 տարուան աշխատավարձի յետնեալ գումարներ պիտի պահանջեն պետութենէն:
Անձնական դպրոցներու ուսուցիչներու սենտիքայի նախագահ Նաամէ Մահֆուտ յայտնեց, որ խորհրդարանի փոխնախագահ Ֆարիտ Մքարի նախանցեալ օր իրենցմէ պահանջած է յաւելեալ ժամանակ տալ` սերտելու համար աշխատավարձերու յաւելումները ֆինանսաւորելու եկամուտները:

Վարձակալներու ցոյցը
«Սակայն մենք երկուքուկէս տարիէ ի վեր կը սպասենք, մեր հոգին եւ մեր կեանքը առիք, ո՛վ պատասխանատուներ», ըսաւ ան:
Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդը առկախեց իր մագլցողական քայլերը` անսալով այն խոստումներուն, որ մինչեւ յաջորդ շաբաթասկիզբ կարելի պիտի ըլլայ այդ օրինագիծին լուծում մը գտնել:
Ռիատ Սոլհի հրապարակին վրայ վարձքերու նոր օրէնքին դէմ բողոքի նստացոյց մը կազմակերպած վարձակալները իրենց կարգին կատարեցին ցոյց մը` մերժելով խորհրդարանին վաւերացուցած նոր օրէնքը` զայն նկատելով անարդար:
Միւս կողմէ, խորհրդարանի յանձնախումբերը երէկ կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին գումարեցին միացեալ նիստ մը, որուն ընթացքին շարունակեցին քննարկել պետական պաշտօնեաներու եւ ուսուցիչներու աշխատավարձի յաւելումներուն թղթածրարը:
Յանձնախումբերը այսօր յետմիջօրէին եւս պիտի գումարեն միացեալ նիստ մը:

