Քոնկրեսականներ Ամերիկեան Վարչակազմին Կոչ Կ՛ուղղեն Հետաքննելու Քեսապի Դէմ Յարձակումին Մէջ Թուրքիոյ Դերը
Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի անդամ Էտըմ Շիֆ 9 ապրիլին երկրի օրէնսդիր մարմինի շէնքին մօտ մամլոյ ասուլիս տուած է Քեսապի մէջ տեղի ունեցած զարգացումներուն առնչութեամբ:
Քոնկրեսականի նախաձեռնութեան միացած են հայկական հարցերով յանձնախումբի համանախագահ Ֆրենք Փալոն, Ներկայացուցիչներու տունէն` Ճիւտի Չու, Ճիմ Քոսթա, Աննա Էշոր, Պրետ Շըրմըն, ինչպէս նաեւ Արմերիկայի Հայ դատի գրասենեակի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան:
Ասուլիսի ընթացքին Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւններուն կոչ ուղղուած է` աջակցութիւն ցուցաբերելու Քեսապէն տեղահանուածներուն, ինչպէս նաեւ հետաքննելու Թուրքիոյ դերը քաղաքին վրայ իրականացուած յարձակումին մէջ:
Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան շնորհակալութիւն յայտնած է օրէնսդիրներուն` ասուլիսին մասնակցելու համար` շեշտելով, որ վերոյիշեալ յարձակումը Թուրքիոյ տարածքէն կատարուած է, թրքական զինեալ ուժերուն ակնյայտ աջակցութեամբ: «Մենք պէտք է գիտնանք, որ արդեօք մեր դաշնակիցները եւ անոնց մատակարարուած մեր սպառազինութիւնները որեւէ դերակատարութիւն ունեցա՞ծ են Մերձաւոր Արեւելքի մէջ քրիստոնեաներու դէմ յարձակման գործին մէջ», ըսած է ան:
Քոնկրեսական Շիֆ նշած է, որ սուրիական տագնապին սկիզբէն ի վեր բազմիցս մտահոգութիւն յայտնած է երկրին մէջ ապրող հայերուն եւ այլ քրիստոնեաներու սպառնացող վտանգներու առնչութեամբ եւ այդ նիւթով անձամբ զրուցած է նախագահ Պարաք Օպամայի, ՄԱԿ-ի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանի եւ այլ պաշտօնատար անձերու հետ:
Ներկայացուցիչ Աննա Էշըր նշած է, որ Սուրիոյ մէջ ապրող որոշ համայնքներ, մասնաւորաբար հայերը, ահաբեկչութիւններու թիրախի կիզակէտին մէջ յայտնուած են քրիստոնեայ ըլլալնուն պատճառով: «Հիմա, երբ շուտով Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը պիտի նշենք, այդ ժողովուրդը դարձեալ միջազգային քաղաքականութեան ճատրակի տախտակին վրայ յայտնուած է: Ատիկա չսպիացած վէրքը բորբոքելու ակնյայտ փաստ է», ըսած է ան:
Ըստ քոնկրեսական Ճուտի Չուի, քրիստոնեաները, մասնաւորաբար հայերը Սուրիոյ ամէնէն խոցելի համայնքը կը ներկայացնեն:
Ասուլիսին ընթացքին բազմիցս շեշտուած է, որ Քեսապի մէջ 1915-ի ցեղասպանութենէն մազապուրծ եղած հայերու յետնորդները կ՛ապրին, եւ վերջին իրադարձութիւնները անոնց անգամ մը եւս ստիպած է վերապրիլ պապերու ցաւն ու ողբերգութիւնը:

