Հրաժարած Վարչապետ Սարգսեան Երկխօսութեան Կը Հրաւիրէ «Դէմ Եմ» Շարժումի Անդամները

Լուսանկարը` ԳԱԲՐԻԷԼ ՓԱՆՈՍԵԱՆի

Լուսանկարը` ԳԱԲՐԻԷԼ ՓԱՆՈՍԵԱՆի

Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ նստացոյց յայտարարած «Դէմ եմ» շարժման գործիչներուն երէկ մօտեցաւ հրաժարական տուած վարչապետ Տիգրան Սարգսեան` տնտեսութեան նախարար Դաւիթ Սարգսեանի հետ:

Տիգրան Սարգսեան երկխօսութեան հրաւիրեց քաղաքացիական գործիչները, կոչ ուղղեց համագործակցելու պարտադիր կուտակայինի մասին օրէնքի հակասահմանադրական ճանչցուած դրոյթները լրամշակելու նպատակով ստեղծուած աշխատանքային խումբին հետ եւ ներկայացնելու իրենց առաջարկները:

Գործիչները, սակայն, բացասաբար արձագանգեցին Սարգսեանի հրաւէրին:

Բարձրախօսով ունեցած իր կարճ ելոյթէն ետք Տիգրան Սարգսեան հեռացաւ` վստահեցնելով, որ իրենց առաջարկները կը մնան ուժի մէջ:

 

Share this Article
CATEGORIES