Կռփամարտ. Վիք Դարչինեան Ախոյեանութեան Մենամարտ Պիտի Կատարէ
Իր լուրը քաղելով gorodokboxing.com կայքէն` ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը կը յայտնէ, որ երկու դասակարգերու աշխարհի նախկին ախոյեան հանդիսացած, կռփամարտիկ Վախթանգ (Վիք) Դարչինեան 31 մայիսին ախոյեանութեան մենամարտ պիտի կատարէ կիսաթեթեւ դասակարգին մէջ` “WBA”-ի ախոյեանութեան գօտիի ախոյեան Նիքոլաս Ուոլթերսի դէմ:
Նշենք, որ Հայաստանը ներկայացնող 38 տարեկան կռփամարտիկը իր վերջին մենամարտը կատարեց նոյեմբեր 2013-ին, երբ 10 ռաունտնոց ճակատումէ մը ետք թեքնիք նաք-աութով տեղի տուաւ իր երբեմնի մրցակիցին` Նոնիթօ Տոներին:
Դարչինեան Ուոլթերսէն 10 տարի աւելի մեծ է:
CATEGORIES Մարզական

