11-16 Ապրիլին. Աթլեթիզմի Մարզիչի Դասընթացքներ

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնին, 11-16 ապրիլին, յետմիջօրէի ժամը 16:00-էն 20:00, Հատասի Լիբանանեան համալսարանին մէջ տեղի պիտի ունենան աթլեթիզմի մարզիչի յատուկ դասընթացքներ:

Բոլոր անոնք, որոնք կը յաջողին անոնց մէջ, Աթլեթիզմի միջազգային ֆետերասիոնին կողմէ պիտի ստանան իրենց վկայականները:

Share this Article
CATEGORIES