Փինկ Փոնկ. Լիբանանի Բ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. Շապապ Ռիատի Եւ Շապապ Ֆաուար` Ախոյեան

Շապապ Պէյրութի խումբը
Լիբանանի տղոց փինկ փոնկի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, Շապապ Ռիատի հանդիսացաւ Պէյրութի նահանգի ախոյեան` իր կատարած չորս մրցումներուն ալ յաղթանակ արձանագրելով յաջորդաբար ՀՄԸՄ Պէյրութ (3-0), Ռիֆահ Պէյրութի (3-2), Ս. հոգիի (3-0) եւ Ահտ Պէյրութի (3-1) դէմ:
Վերջինս հանդիսացաւ երկրորդ` յաջորդաբար յաղթելէ ետք Ս. հոգիի (3-2), Ռիֆահ Պէյրութի (3-1) եւ ՀՄԸՄ Պէյրութի (3-0):
Ս. հոգի հանդիսացաւ երրորդ` իր կատարած վերջին մրցումին յաղթելէ ետք ՀՄԸՄ Պէյրութի (3-1):

Շապապ Ֆաուարի կազմը
Աւարտին Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնի նախագահ Ահմետ Արաքճի կատարեց մրցանակաբաշխութիւնը:
Ինչ կը վերաբերի հիւսիսի նահանգի ախոյեանութեան, Շապապ Ֆաուար որոշ դժուարութեամբ յաղթեց Ինհաշ Իժթիմահի Քանաթի` 3-2 արդիւնքով:
Աւարտին Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնի անդամ Էզզէտտին Հատտատ կատարեց մրցանակաբաշխութիւնը:

