Ճատրակ. Լեւոն Արոնեան Պիտի Գլխաւորէ Ամառնային Բանակումը` Միացեալ Նահանգներու Մէջ
Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը կը հաղորդէ, որ հայրենի կրանտ մասթըր Լեւոն Արոնեան պիտի գլխաւորէ 9-13 յուլիսին Կլենտէյլի մէջ (Քալիֆորնիա, Միացեալ Նահանգներ) տեղի ունենալիք ճատրակի ամառնային բանակումը:
Այս բանակումը կազմակերպուած է «Մեթրոփոլիթըն» ճատրակի ընկերութեան եւ Ամերիկեան ճատրակի ակադեմիային (տնօրէն` Արմէն Համբարձումեան) կողմէ:
Այս բանակումին ընթացին Արոնեանի օգնականները պիտի ըլլան մասնաւորպէս կրանտմասթըրներ Մելիքեան, Խաչիեան, Տաթեւ Աբրահամեան, ինչպէս նաեւ միջազգային վարպետներ Անդրանիկ Մաթիկոզեան եւ Արմէն Համբարձումեան, կ՛եզրափակէ armchess.am:
CATEGORIES Մարզական

