Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Կեդրոնացէք ձեր աշխատանքին վրայ` առանց ժամանակ կորսնցնելու: Ձեր ժամերը արժեւորեցէք բեղուն աշխատանքով: Ա՛յս է օրուան պատգամը ձեզի:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Եթէ ամուրի էք, այս երեկոյ հարկ է որ հաճելի արկածախնդրութիւն մը ունենաք: Առիթը յարմար է կեանքը վայելելու: Ամուսնացեալք կրնան վերյիշել իրենց անցեալի օրերը:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ընտանեկան հարց մը պիտի մտահոգէ ձեզ քիչ մը: Արտասահմանէն կամ ներքին յարաբերութիւններու մասին եղած խնդիրները մէկ կողմ դրէք:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Եթէ ճամբայ ելլել որոշած էք, կատարեցէք նախապէս հարկ եղած կարգադրութիւնները: Օրը կը պահանջէ ըլլալ ճշդապահ եւ յանձնառու:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Պէտք է անմիջապէս հաշիւ մը ընէք ձեր տնտեսական հարցը կարգադրելու: Վստահութիւն ունեցէք ձեր դատողութեան վրայ, կը յաջողիք անպայման:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Կեդրոնացէք ձեր փափաքին վրայ` ձեր բաղձանքները կիրարկելու համար: Այլ գործերով զբաղելու համար միշտ առիթներ կ՛ունենաք:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ապաւինեցէք ձեր ուժին եւ ձեր կարողութեան, որպէսզի ձեր կատարելիք աշխատանքը ինքնավստահութեամբ ամբողջացնէք: Կրնաք նոր գործի սկսիլ:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Կարգ մը բարեկամներ, զորս կը ճանչնաք, պիտի ջղայնացնեն ձեզ իրենց կատակներով: Դուք կը ճանչնաք անոնց բնաւորութիւնը եւ կը ներէք:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ուշադիր եղէք ձեր աշխատավայրին մէջ ձեր շուրջը գտնուողներուն վերաբերումին: Եթէ որեւէ կասկած ունիք հարցի մը շուրջ, մի՛ նախաձեռնէք, լուռ կեցէք:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Առանձին ճամբորդելը ձեռնտու չէ, ոչ ալ` հաճելի: Նախընտրեցէք ճամբորդել ձեր բարեկամներուն կամ սիրելի անձերու ընկերակցութեամբ:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Նկատի առէք ձեր հաշուեցոյցը, զայն թեթեւի մի՛ առնէք: Եղէք խնայասէր եւ ջանացէք տէրը ըլլալ ձեր նիւթական նախաձեռնութիւններուն:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Գործատեղիին մէջ ունիք գործակից մը, որուն հետ չէք կրնար համաձայնիլ կամ գործակցիլ: Գիտցէք, որ իւրաքանչիւր անձ ունի իր ոճը, հետեւաբար պէտք է համաձայնիք` իրենց ուզածին հետեւելով:

Share this Article
CATEGORIES