50 Տարի Առաջ (11 Ապրիլ 1964)

Խմբագրական

Լաւագոյն Նուէրը
Պուրճ Համուտի Հայութեան

Այսօր` շաբաթ, 11 ապրիլ, պիտի կատարուի հիմնարկէքի հանդիսաւոր արարողութիւնը Պուրճ Համուտի մարզաւանին, որուն մասին ասկէ առաջ առիթը ունեցած էինք լայնօրէն անդրադառնալու` Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան հանրօգուտ ծրագիրներուն յատկացուած յօդուածաշարքով մը:

Պուրճ Համուտի բնակչութեան, մասնաւորաբար երիտասարդութեան տարիներու երազը եղած էր ունենալ մարզադաշտ մը, ուր նորահաս սերունդի ֆիզիքական զարգացումը առաւելագոյն հնարաւորութիւնները պիտի ունենար իր շօշափելի արտայայտութիւնը գտնելու:

Պուրճ Համուտ, որ կարեւորութեան տեսակէտէն այսօր կը ներկայացնէ Լիբանանի երկրորդ քաղաքապետութիւնը` իր հոծ բնակչութեամբ եւ կարելիութիւններով, շնորհիւ նոր մարզաւանին, պիտի կրնայ կազմել առողջ կառոյց` Լիբանանի մարզական շէնքին:

Առաւելաբար մարզաւաններու մէջ է, որ երիտասարդութիւնը կը դաստիարակուի, հետզհետէ կը հեռանայ յոռի ունակութիւններէ եւ եղբայրական մթնոլորտի մէջ կը զարգացնէ իր ընդունակութիւնները:

Մարզաւանի շինութեան ծրագիրը մաս կը կազմէ քաղաքաշինական ընդհանուր ծրագրի մը, որ յառաջիկայ երկու տարիներու ընթացքին պիտի իրագործուի` յօգուտ շրջանի բնակչութեան:

Գլխաւորաբար մեր ժողովուրդն է, որ պիտի օգտուի այս շինարարական ձեռնարկներէն, նկատի ունենալով, որ Պուրճ Համուտի բնակչութեան ջախջախիչ մեծամասնութիւնը բաղկացած է հայերէ:

Վերջին քանի մը տարիներուն ընթացքին, Նահրի կամուրջէն անդին տարածուող այս շրջանը, ուր հայութիւնը իբրեւ համայնք իր եկեղեցիներով, վարժարաններով եւ զանազան միութիւններով կը հանդիսանայ Լիբանանի հայութեան սիրտը, որ կը բաբախէ ազգայնական առողվ զարկերով: Տարուէ տարի զգալի յառաջդիմութեան մէջ եղող Պուրճ Համուտը այսօր դարձած է բարգաւաճ ոստան մը, ուր կարգն ու կանոնը հետզհետէ տիրապետող կը դառնան, քաղաքապետութեան ենթակայ սպասարկութիւններու աչալուրջ հսկողութեան ներքեւ:

Մարզաւանը, որուն հիմնարկէքը պիտի կատարուի այսօր, իր ֆութպոլի, պասքեթպոլի, վոլիպոլի դաշտերով, զոյգ թրիպիւններով, հանդերձարաններով, աթլեթիք խաղերու յատուկ վազքուղիներով պատիւ պիտի բերէ ոչ միայն Պուրճ Համուտի, այլ նաեւ ամբողջ Լիբանանի, որ այսպէսով պիտի ունենայ իր երկրորդ մարզական կեդրոնը, Պիր Հասանի մարզաւանին հետ:

Այսուհետեւ, կարելի պիտի ըլլայ տեղական եւ միջազգային կարեւոր մրցումներ կազմակերպել այս շրջանին մէջ, որ կը հայթայթէ մարզասէր հասարակութեան ջախջախիչ մեծամասնութիւնը:

Բացի այդ, քաղաքապետական այլ ծրագիրներ, որոնք իրագործման ճամբուն մէջ մտած են եւ շուտով իրականութիւն պիտի դառնան, ծաղկեալ ոստանի մը պիտի վերածեն Պուրճ Համուտը` մեծ ուրախութիւն պատճառելով մեր հայրենակիցներուն, որոնք տարիներով քրտինք թափած են երբեմնի այդ ճահճային հողերուն վրայ, ուր այսօր շքեղ եւ բազմայարկ շէնքեր կը բարձրանան ճարտարարուեստական բազմաթիւ կեդրոններ հիմնուած են` վաճառաշահ քաղաքի մը վերածելով Անդր-Նահրը:

Մարզաւանը եւ անոր յարակից միւս ծրագիրները լաւագոյն նուէրն են անկասկած Պուրճ Համուտի հայութեան, որ գիտցաւ ոչինչէն գեղեցիկ քաղաք մը հիմնել անգամ մը եւս արդարացնելով «անապատները ծաղկեցնող» հայու իր կոչումը:

Այս առիթով ողջունելով մարզաւանի հիմնարկէքը` մեր ջերմ գնահատանքը կը յայտնենք Լեռնալիբանանի նահանգապետին, Պուրճ Համուտի քաղաքապետին եւ քաղաքապետական խորհուրդին, որոնց միացեալ ջանքերուն շնորհիւ` քանի մը տարիէն Պուրճ Համուտը պիտի դառնայ արդիական քաղաք մը:

Վարժարաններու Օրուան
Հանգանակութիւնը

Հայ ժողովուրդը վաղը դարձեալ առիթը պիտի ունենայ տալու վկայութիւնը իր հիմնական առաքինութեան:

Կանաչ կիրակիի առիթով, ըստ սովորութեան, ընդհանուր հանգանակութիւն մը տեղի պիտի ունենայ` ի նպաստ հայ ազգային վարժարաններուն, որոնց բարգաւաճումն ու վերելքը կը հանդիսանան հիմնական մտահոգութիւնը ազգային մարմիններուն:

Իւրաքանչիւր հայու առաջնահերթ պարտականութիւնն է կարելի բոլոր միջոցներով սատարել կրթական գործին, որ տակաւին բաւական խոցելի կէտեր ունի, նիւթական անձուկ պայմաններու բերումով:

Նոր սերունդի տոհմային դաստիարակութիւնը մեր բոլորի սրտին խօսող կենսական գործ մըն է, որուն համար ամէն ոք առաւելագոյն զոհողութիւնը ընելու յանձնառու պիտի ըլլայ:

Այդ զոհողութեան ապացոյցը պիտի տան մեր հայրենակիցները` վաղը լիաբուռն մասնակցելով Կանաչ կիրակիի հանգանակութեան:

 

Share this Article
CATEGORIES