Արուեստի Աշխարհէն. Գաւաթ Մը Թէյի Շուրջ…՛

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

985stol1

Փոլ Կոկենի անշարժ կեանքը (սըիլ լայֆ) եւ Պոնարի «Երկու բազկաթոռներով կին»-ը :

Գողցուած Կոկեն Մը

Փոլ Կոկենէն եւ Փիեռ Պոնարէն առնուազն 10.6 միլիոն տոլար արժող գեղանկարներ, որոնք 1970-ին գողցուած էին հաւաքածոյ պահողի մը Լոնտոնի բնակարանէն, գնացքով Իտալիա հասած էին` առանց որեւէ վաւերաթուղթի:

«Ֆիաթ» ընկերութեան մէջ աշխատող պաշտօնեայ մը 1975-ին «կորսուած ինչքերու» աճուրդի մը առիթով 45 հազար իտալական լիրի (23 եւրօ) անմեղօրէն գնած էր գեղանկարները, ապա զանոնք կախած էր Թորինոյի իր բնակարանին մէջ եւ հանգստեան կոչուելէ ետք տարած էր Սիկիլիա:

Պաշտօնեան սկսած էր կասկածիլ գեղանկարներուն պատկանելիութեան առնչութեամբ, երբ իր զաւակը գիրքի մը մէջ տեսած էր Կոկենի մէկ այլ գեղանկարը եւ նմանութիւններ գտած էր իր հօր խոհանոցին պատէն կախուած գեղանկարին միջեւ:

Այնուհետեւ պաշտօնեան դիմած էր մասնագէտներու եւ ոստիկանութիւնը տեղեակ պահուած էր:

Կոկենի «Պտուղներ սեղանի վրայ կամ անշարժ կեանք` շնիկի մը հետ» գեղանկարը գծուած է 1889-ին եւ ոստիկանութեան համաձայն, հաւանաբար կ՛արժէ առնուազն 10 միլիոն տոլար:

Իսկ Պոնարի «Երկու բազկաթոռներով կին» գեղանկարը կը գնահատուի 600 հազար» եւրօ:

«Նիւ Եորք Թայմզ» թերթին մէջ 1970-ին հրապարակուած լուրը կ՛ըսէր, թէ երկու գեղանկարները գողցուած էին Լոնտոնի Ռիճընթ՛ց Փարքի մէկ բնակարանէն, երեք անձերու կողմէ, որոնք ծպտուած էին իբրեւ գողերու դէմ ահազանգ զետեղող ճարտարագէտներ:

Անոնք տանտիրուհիէն խնդրած էին, որ գաւաթ մը թէյ պատրաստէր իրենց համար: Երբ ան բերած էր թէյը, գեղանկարները արդէն դուրս բերուած էին իրենց շրջանակներէն, եւ մարդիկը խոյս տուած էին:

Իտալիոյ մշակոյթի նախարար Տարիօ Ֆրանչեսքինի կ՛ըսէ. «Ասիկա անհաւատալի պատմութիւն մըն է, հրաշալի վերայայտնաբերում մը, կը խորհրդանշէ տարիներու ընթացքին Իտալիոյ ոստիկանութեան ամբողջ աշխատանքը քուլիսներու ետին»:

Իտալիոյ մշակութային ժառանգութեան ոստիկանութեան ընդհանուր հրամանատար Մարիանօ Մոսսա կը հաւատայ, թէ գեղանկարները գողցուելէ ետք լքուած են Փարիզէն Թորինօ ուղղուած գնացքի մը վրայ:

«Կոկեն յետտպաւորապաշտ գեղանկարչութեան վարպետ մըն էր: Ան ծանօթ է Վան Կոկի հետ իր ստեղծագործական կապով: Ֆրանսացի Փիեռ Պոնար կը նկատուի արդի արուեստի գոյնի մեծագոյն վարպետներէն մէկը:

Ռամպրանթ Մը` 15 Տարի Ետք

Ռամպրանթի «Մանուկ` օճառի փրփուրի հետ» գեղանկարը:

Ռամպրանթի «Մանուկ` օճառի փրփուրի հետ» գեղանկարը:

Հոլանտացի վարպետ Ռամպրանթի 17-րդ դարու մէկ գեղանկարը, որ գողցուած էր 15 տարի առաջ, ի յայտ կու գայ Ֆրանսայի մէջ:

«Մանուկ` օճառի փրփուրի հետ» գեղանկարը, որուն արժէքը կը գնահատուի 3.2 միլիոն եւրոյի, 1999-ին գողցուած էր Հարաւային Ֆրանսայի Տրակինիան քաղաքին մէկ թանգարանէն:

«Ա. Էֆ. Փէ.»-ի համաձայն, 46 տարեկան եւ 53 տարեկան երկու տղամարդիկ (մէկը` ապահովագրութեան ընկերութեան պաշտօնեայ մը) ձերբակալուած են Նիսի մէջ: Ոստիկանութիւնը տեղեակ պահուած էր, թէ անոնք գեղանկարները պիտի փոխանակէին պանդոկի մը մէջ:

Երկու տղամարդիկը, որոնք արդէն դատական ատեան ներկայացած են, նախապէս ալ գործած են քրէական յանցանքներ:

«Մանուկ` օճառի փրփուրի հետ» գեղանկարը Տրակինիանի քաղաքապետութեան արուեստի եւ պատմութեան թանգարանէն գողցուած էր 1999-ի յուլիսին` Պասթիյի օրուան տօնակատարութիւններուն ժամանակ:

Ոստիկանութեան համաձայն, գողերը թանգարան մուտք գործած էին երկրորդական դռնէ մը եւ խոյս տուած էին, մինչ ապահովութեան պատասխանատուներ նոր սկսած էին հակազդել ահազանգին:

Անթուակիր, 60 սմ լայնքով եւ 49 սմ երկայնքով գեղանկարը կը պատկերէ թուխ գանգուրներով պատանի մը, որ կը կրէ ոսկի մանեակ մը եւ ձեռքին ունի օճառի փրփուր: Անիկա յայտնաբերուած է լաւ վիճակի մէջ:

 

 

 

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES