Արուեստի Աշխարհէն. Գերմանացի Մենակեացի Մը «Նացիական Աւարը»
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ


Քոռնելիուս Կուրլիթի անունը կրող ցուցատախտակը` անոր Սալզպուրկի բնակարանին մուտքին:
ՄԻՆՉ ՀԱՐԻՒՐԱՒՈՐ ԱՐՈՒԵՍՏԻ ԳՈՐԾԵՐ Ի ՅԱՅՏ ԿՈՒ ԳԱՆ ԴԻՊՈՒԱԾՈՎ, ԱՆԴԻՆ` ԿԸ ՍՐԻ ԱՆՈՆՑ ՍԵՓԱԿԱՆԱՏԻՐՈՒԹԵԱՆ ՎԷՃԸ: «Ա. ԷՖ. ՓԷ.» ԿԸ ՄԱՆՐԱՄԱՍՆԷ.
Շուրջ 60 յաւելեալ գեղանկարներ, ներառեալ` Մոնէէն, Ռընուարէն եւ Փիքասոյէն գործեր, ի յայտ եկած են գերմանացի տարեց մենակեացի մը Սալզպուրկի բնակարանէն: Կ՛ենթադրուէր, թէ նախապէս Գերմանիոյ մէջ յայտնաբերուած անոր արուեստի աւարին մէկ մասը կը պարունակէր նացիներու կողմէ գողցուած գործեր:
Վերջերս լոյս աշխարհ եկած գործերը յայտնաբերուած են Քոռնելիուս Կուրլիթի Սալզպուրկի բնակարանէն: 2012-ին տուգանքի հետ առնչուած ընթացիկ հետաքննութեան մը առիթով աւելի քան 1400 գործերէ բաղկացած անհաւատալի աւար մը յայտնաբերուած էր անոր Միւնիխի բնակարանին մէջ: Անիկա կը պարունակէր գործեր` Մաթիսէն եւ Շակալէն: Այդ ժամանակ լուրը ցնցած էր արուեստի աշխարհը:
«Առաջին ակնարկով նացիական աւարի հետքեր չենք նշմարած նորագոյն յայտնաբերումին մէջ», կ՛ըսէ ոստիկանութեան բանբեր Շթեֆըն Հոլցինկըր:
«Նացիական աւար» կը նկատուին արուեստի այն գործերը, որոնք հրեայ սեփականատէրերէ գողցուած են կամ աժան գինով գնուած են նացիական տիրապետութեան ժամանակ:
Կուրլիթի Սալզպուրկի բնակարանին մէջ պահուած գործերը ապահով կերպով մթերուած են եւ պաշտպանուած` գողութեան դէմ:
«Նոյնինքն Քոռնելիուս Կուրլիթի խնդրանքով անոնք քննուած են մասնագէտներու կողմէ, որպէսզի ստուգուի, թէ արդեօք անոնցմէ որեւէ մէկը նացիներու կողմէ գողցուա՞ծ է, թէ՞ ոչ: Նախնական քննութիւններ նման կասկածներու առիթ չեն տուած», կ՛աւելցնէ բանբերը:
Կուրլիթ 81տարեկան է: Ան զաւակն է նացիական ժամանակներու արուեստի վաճառական Հիլտըրպրանտ Կուրլիթի, որ գեղանկարներուն տիրացած է եւ 1930-ական 1940-ական տարիներուն: Նացի իշխանութիւնները անոր պարտականութիւն տուած էին ծախելու գողցուած արուեստի գործեր, զորս Հիթլեր եւ անոր վարչակարգը կը նկատէին «փտած»: Թէեւ Հիլտըրպրանտ վաճառած էր բազմաթիւ գործեր, սակայն նաեւ մեծ թիւով գործեր պահած էր իր քով:
Նորագոյն յայտնաբերումը հրապարակուած է աւստրիական մամուլի պնդումներուն իբրեւ արդիւնք: Պաշտօնական հրապարակումին առիթով հրաւիրուած են արուեստի, իրաւական եւ վերանորոգութեան մասնագէտներ:
Նորագոյն յայտնաբերումները ցարդ չեն հրապարակուած համացանցի վրայ: «Նախ պէտք է մանրազնին քննենք զանոնք, ցանկագրենք եւ ապա մտածենք զանոնք համացանցի վրայ տեղադրելու մասին», կ՛ըսէ Հոլցինկըր:
Անցեալ տարի Գերմանիա ամբաստանուեցաւ 2012–ին կատարուած յայտնաբերումին լուրը շատ ուշ հրապարակելուն պատճառով: Այնուհետեւ իշխանութիւններ լծուած են գեղանկարներուն իրաւական տէրերը գտնելու աշխատանքին եւ գեղանկարներէն մաս մը զետեղեած են համացանցի վրայ, lostart.de. կայքին մէջ:
Պերլինի մէջ Հրէական քոնկրեսին պահանջին ընդառաջելով` Գերմանիոյ խորհրդարանը պիտի քննարկէ օրէնքի նախագիծ մը, որուն նպատակն է իրաւական փոփոխութիւններով դիւրացնել նացիներու օրով գողցուած արուեստի գործերու վերադարձը:
Գերմանիա հաստատած է գողցուած գործերու վերադարձը կաշկանդող 30 տարուան արգելք մը: Հրէական քոնկրեսը կը պահանջէ միջազգային յանձնախումբի մը կազմութիւնը, որուն պարտականութիւնը պիտի ըլլայ Գերմանիոյ արուեստի հաւաքածոներուն մէջ փնտռել գողցուած գործեր եւ դիւրացնել անոնց վերատիրանալու գործընթացը:
Կուրլիթի աւարը քննող մասնագէտներու խումբը յայտարարած էր, թէ 1400 գործերէն 590–ին պատկանելիութիւնը կասկածելի էր, եւ թէ` անոնք հաւանաբար գողցուած էին նացիներու կողմէ:

