Արուեստի Աշխարհէն. Գեղագէտի Մը «Ոսկորները» Կը Ծաղկին

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

«Մարդիկ սոսկում մը պիտի ապրին... սակայն պիտի չուզեն վերլուծել իրենց սոսկումը»:

«Մարդիկ սոսկում մը պիտի ապրին… սակայն պիտի չուզեն վերլուծել իրենց սոսկումը»:

ՍԱՄՈՒԷԼ ՊԵՔԵԹԻ «ԿՈՐՍՈՒԱԾ» ՄԷԿ ՊԱՏՄՈՒԱԾՔԸ` «ԷՔՈ՛Զ ՊՈՆԶ», ԶՈՐ ԳՐԱԳԷՏԻՆ ՀՐԱՏԱՐԱԿԻՉԸ 1934-ԻՆ ՄԵՐԺԱԾ ԷՐ ԻԲՐԵՒ «ՄՂՁԱՒԱՆՋ» ՄԸ, ԱՌԱՋԻՆ ԱՆԳԱՄ ԸԼԼԱԼՈՎ ԼՈՅՍ ՊԻՏԻ ՏԵՍՆԷ ԱՅՍ ԱՄԻՍ : «ՏԻ ԻՆՏԻՓԵՆՏԸՆԹ» ԿԸ ՆԿԱՐԱԳՐԷ ԽԱՆԴԱՎԱՌՈՒԹԻՒՆԸ:

«Էքո՛զ պոնզ» 13500 բառերէ բաղկացած գործ մըն է, զոր Սամուէլ Պեքեթի հրատարակիչը` Չարլզ Փրենթիս ապսպրած էր իբրեւ «Մոր փրիքս տեն քիքս» վերնագիրով անոր պատմուածքներու հաւաքածոյին վերջին գրութիւնը, սակայն մերժած էր հրատարակել զայն, որովհետեւ կարդալու ընթացքին «սոսկում» մը ապրած էր: Այնուհետեւ պատմուածքը թաքուն մնացած էր արխիւներու մէջ:

«Մոր փրիքս տեն քիքս»  իրարու հետ առնչուող պատմուածքներու հաւաքածոյ մըն է, զոր իրլանտացի գրագէտը գրած է իր ասպարէզին սկիզբը, եւ որուն հերոսը` Պելաքուա Շուահ «Էքո՛զ պոնզ»-ի մէջ կը վերադառնայ գերեզմանէն:

Երիտասարդ Պեքեթի ուղղուած կտրուկ մերժողական նամակի մը մէջ, որ պիտի հրատարակուի հաւաքածոյին նոր տարբերակին ներածականին մէջ, Փրենթիս գրած է. «Մղձաւանջ մըն է ասիկա… սոսկում կը պատճառէ ինծի… մասեր կան, որոնց հետ որեւէ ձեւով չեմ կապուիր: Կը ցաւիմ, որ այսպէս կը զգամ»:

Նոր հատորը լոյս պիտի տեսնէ 17 ապրիլին, «Ֆէյպըր էնտ Ֆէյպըր» հրատարակչատան կողմէ: Ներածականը գրած է Մարք Նիքսըն, որ կը գլխաւորէ Պեքեթի միջազգային հիմնարկը եւ դասախօս է Ռիտինկ համալսարանին մէջ:

«Երբ առաջին անգամ կը կարդաս պատմուածքը, չես կրնար չբաժնել զայն մերժելու Փրենթիսի որոշումը,- կը գրէ ան:- Թէեւ պատմութիւնը քիչ մը վայրագ է եւ անկարգապահ, սակայն հրաշալի կերպով այդպէս է…»:

«Հեքիաթներ, այլանդակ երազներ եւ դասական առասպելներ կը միաձուլուին «Էքո՛զ պոնզ»-ի մէջ, որ մասամբ զարմանահրաշ պատմութիւն մըն է, ուր կը վխտան հրէշներ, ծառերու մէջ բնակարաններ, կախարդական արմատներով բոյսեր, ջայլամներ եւ սունկեր: Անոնք կու գան ժողովրդային աւանդութենէ մը, զոր օգտագործած են բանաստեղծ Ուիլիըմ Պաթլըր Եիթց եւ հեքիաթիր Կրիմ եղբայրները»:

Բարեկամի մը ուղղուած նամակի մը մէջ Պեքեթ գրած է. «Ինծի համար խորապէս վհատեցուցիչ էր հրաժարիլ գործէ մը, որուն մէջ դրած էի այն ամբողջը, որ գիտէի»:

«Ուէյթինկ ֆոր Կոտօ»-ի հեղինակ Պեքեթ, որ1969-ին արժանացած է Նոպէլեան գրականութեան մրցանակին եւ մահացած է 1989-ին, իր հրատարակիչէն` Փրենթիսէն ստացած է պատուէր մը` պատմուածք մը եւս աւելցնելու իր «Մոր փրիքս տէն քիքս» հաւաքածոյին վրայ: «Էքո՛զ պոնզ» պիտի դառնար հատորին 11-րդ եւ վերջին պատմուածքը, որուն մէջ պիտի շարունակուէր պատմութիւնը 9-րդ պատմուածքին` «Ելօ»-ի հերոս Պելաքուայի, որ մեռած էր հիւանդանոցին մէջ, վիրահատական գործողութեան մը ընթացքին:

Սակայն իր մերժողական նամակին մէջ Փրենթիս յայտնած էր այն մտավախութիւնը, թէ «գիրքը կրնար մեծ թիւով ընթերցողներ կորսնցնել» այս պատմուածքին պատճառով:

«Մարդիկ սոսկում մը պիտի ապրին եւ շփոթի պիտի մատնուին, սակայն պիտի չուզեն վերլուծել իրենց սոսկումը: Վստահ եմ, թէ «Էքո՛զ պոնզ» նկատառելի կերպով պիտի նուազեցնէ գիրքին վաճառքը», գրած է ան, եւ «Մոր փրիքս տէն քիքս» լոյս տեսած է իր սկզբնական ձեւով:

Նիքսընի համաձայն, պատմուածքին մերժումը Պեքեթի մղած է բանաստեղծութիւն մը գրելու նոյն վերնագիրով եւ զայն դարձեալ օգտագործելու բանաստեղծութիւններու իր առաջին հաւաքածոյին մէջ, որ լոյս տեսած է 1935-ին, եւ որուն վերնագիրն է. «Էքո՛զ պոնզ էնտ ատըր փրեսիփիթէյթց»:

«Մոր փրիքս տէն քիքս» Պեքեթի առաջին գիրքն է, որ հրատարակուած է: Անիկա կը պարունակէ մասեր` աւելի առաջ անոր գրած «Տրիմ աֆ ֆեր թու միտլինկ ուիմեն» գիրքէն, որ դարձեալ մերժուած էր հրատարակիչներու կողմէ:

Արդեօք «Էքո՛զ պոնզ» իրապէ՞ս «մղձաւանջ» մըն է, որ շփոթի կը մատնէ ընթերցողները, ինչպէս ըսած է ՍամուԷլ Պեքեթի հրատարակիչը:

Հակառակ իր գրական արժէքին` հերոսական ոճի ձաղկումին, Տանթէի «Աստուածային կատակերգութիւն» գործին արձագանգներուն եւ երկխօսութեան տիրական ներկայութեան` «Էքո՛զ պոնզ» յայտնապէս խոտոր կը համեմատի պատմուածքներու այն հաւաքածոյին հետ, որուն համար գրուած է: Տարօրինակը այն է, թէ մինչ Պեքեթ հաւաքածոյին վերջին երկու պատմուածքները յատկացուցած է սպաննելու Պելաքուա Շուահը, անդին` այս գործին մէջ զայն կը վերադարձնէ մեռելներու աշխարհէն:

Արդեօք յատկանշակա՞ն է այս գործը Պեքեթի ստեղծագործութիւններուն մէջ: «Էքո՛զ պոնզ» նոյն դերը կը կատարէ Պեքեթի համար, ինչպէս «Տը հանթըտ լայֆ»` ամերիկացի գրագէտ Ճեք Քըրուաքի, որուն կանուխ շրջանի այս գործը առաջին անգամ ըլլալով լոյս տեսաւ վերջերս:

«Էքո՛զ պոնզ»-ի մէջ կը տեսնենք յստակ նշանները այն երեւոյթներուն, որոնք պիտի դառնային Պեքեթի գեղագիտական իւրայատուկ ոճը. գոյութենական անձկութիւնը եւ երկխօսութիւն մը, որուն մէջ ոչ մէկ կողմ իրական կապ մը կը հաստատէ, եւ ամէնէն աւելի` անհեթեթ երգիծանքի հետ միախառնուած յուսահատութիւնը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES