Տեղեկատու

Շաբաթ,  22 մարտ 2014-ին տեղի ունեցաւ ԶՈՄ-ի հիմնադրութեան 110-ամեակին նուիրուած ճաշկերոյթ-պարահանդէսը, «Եռագոյն-Երջօ Սամուէլեան» սրահին մէջ, մասնակցութեամբ մեծ թիւով նախկին ու ներկայ ԶՈՄ-ականներու եւ բարեկամներու:

Փետրուար 24-ին ԶՈՄ-ը իր մասնակցութիւնը բերաւ Զուիցերիոյ դեսպանատուն ուղղուած պատուիրակութեան, որ դեսպանատան ներկայացուցիչին հետ քննարկեց Տողու Փերինչեքի գծով Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանին արձակած վճիռը:

«Դէպի Երկիր» յանձնախումբը այցելած է ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի եւ Պուրճ Համուտի մասնաճիւղներու սկաուտական խումբերուն եւ ներկայացումներ կատարած է Արցախի մասին, ինչպէս նաեւ` Քաշաթաղի մէջ ԶՈՄ-ի տարած գործունէութեան մասին:

«Դէպի Երկիր» վարժանքի ծրագիրի գրասենեակը հանդիպումներ ունեցած է  ծրագիրին մասնակցիլ փափաքող ուսանողներու հետ` անոնց փոխանցելով անհրաժեշտ տեղեկութիւններ:

«Բռունցք» լսատեսողական յանձնախումբը YouTube-ի իր կայքին վրայ տեղադրած է  «Հայկական երաժշտական գործիքներ» վերնագիրով տեսերիզ մը, ԶՈՄ-ի 110-ամեակին նուիրուած տեսերիզը, ինչպէս նաեւ` «Ժառանգենք մեր հերոսներէն» տեսերիզը, ուր կը ներկայացուի քարոզչական յանձնախումբին կատարած կրաֆիթի-արշաւը:

«Քարոզչական յանձնախումբը Պուրճ Համուտի մէջ կատարած է արցախեան հերոսներուն նուիրուած կրաֆիթի արշաւ: Յանձնախումբը, գործակցաբար կոմիտէութեան ՋԱՀ յանձնախումբին, «Ջաւախքին զօրակցելու ջանքերով» վերնագիրով կլոր սեղան մը կազմակերպած է հինգշաբթի, 3 ապրիլին: «Քարոզչական» յանձնախումբը հայկական վարժարաններուն, պատանեկան եւ ԼԵՄ-ի մասնաճիւղերուն բաժնած է Արցախի ճշգրիտ քարտէսը, ԶՈՄ-ի հրատարակութեամբ: Ստանալ փափաքողները կրնան դիմել ԶՈՄ:

«Զաւարեան ուսանողական գրասենեակ»-ը շաբաթ, 5 ապրիլէն սկսեալ եւ այնուհետեւ ամէն շաբաթ օրերը պիտի սկսի SAT-ի դասընթացքները Ազգ. Լ. եւ Ս. Յակոբեան քոլեճին մէջ, ժամը 1:30-էն սկսեալ: Դասընթացքին մասնակցիլ փափաքողները պարտին դիմել ԶՈՄ (70102403):

ԶՈՄ-ը հանդիպում ունեցաւ Մարատա հոսանքի ուսանողական թեւին հետ, ինչպէս նաեւ` Մաշրեք կուսակցութեան ուսանողութեան հետ:

Աշխատանքային առօրեային կողքին, ԶՈՄ-ական ընկերները օգտուելով Լիբանանի քանի մը օրուան ձմեռնային կլիմայէն` փետրուար 22-ին կազմակերպեցին ձիւնագնացութեան ընկերային օր Ֆարայայի մէջ:

 

Share this Article
CATEGORIES