«Ջաւախքի Հարցերուն Լուծման Համար Սփիւռքը Շա՛տ Բան Կրնայ Ընել» Կ՛ըսէ Արտակ Գաբրիէլեան
Առաջին Աշխարհամարտի աւարտին, նախքան Արցախի Ազրպէյճանին կցումը, արդէն իսկ Ջաւախքը կցուեցաւ Վրաստանին: 2003-էն սկսեալ Վրաստան քայլ առ քայլ սկսաւ ի գործ դնել Ջաւախքը հայաթափելու ռազմավարութիւնը: Տասը տարի անց այդ ռազմավարութիւնը տակաւին բուռն կերպով կը շարունակուի: Պատմական Գուգարք նահանգի ներկայիս 67 տոկոս հայ բնակչութիւն ընդգրկող հայկական Ջաւախքը ենթակայ է հայաթափման եւ իբրեւ հետեւանք` դադրելու գործնականապէս եւ ապրող հայկական հող ըլլալէ:
Հակառակ այս սպառնալի վիճակին, Ջաւախքի բազմաթիւ հիմնահարցերուն հանդէպ լիբանանահայութիւնը մինչեւ քանի մը տարի առաջ կը մնար ոչ պէտք եղածին չափ յանձնառու: Ի վերջոյ գաղութը զգաստացաւ եւ նկատեց, որ Ջաւախքի հարցին լուծումը պէտք է ըլլայ ազգային առաջնահերթութիւններու կարգին, տրուած ըլլալով, որ Ջաւախքը Հայաստանի համար կը ներկայացնէ մեծ կարեւորութիւն եւ, ի տարբերութիւն Արեւմտահայաստանին, կը հանդիսանայ հայկական այնպիսի հող, ուր մինչեւ օրս կ՛ապրի հայկական կազմակերպուած հասարակութիւն: Ծանօթացման աշխատանքները առաջին քայլն են մեկնարկելու համար լայն գործելադաշտը դէպի Ջաւախք: Պէտք է գիտակցինք, որ արդէն բաւական ուշ ենք, հետեւաբար յաջորդող քայլերու ծրագրման եւ իրականացման համար պէտք է սկսիլ շա՛տ արագօրէն: Ծանօթացումէն անդին անցնելով` պարտաւոր ենք գործնականապէս օժանդակել Ջաւախքի դէպի ինքնավարութիւն ձգտող ուղիի բազմատեսակ հարցերու լուծման:
Թէ ի՞նչ են այդ հարցերը եւ թէ ինչպիսի՞ օժանդակութիւններ կը սպասուին համայն հայութենէն եւ յատկապէս Լիբանանի երիտասարդութենէն, կ՛իմանանք Զաւարեան ուսանողական միութեան կատարած հարցազրոյցին ընդմէջէն` Ջաւախքի հայկական հասարակական կազմակերպութիւններու խորհուրդի համակարգող Արտակ Գաբրիէլեանին հետ:
ՀԱՐՑՈՒՄ.- Ծանօթացուցէ՛ք Ջաւախքի հայկական հասարակական կազմակերպութիւններու խորհուրդը: Ի՞նչ է անոր գործունէութիւնը:
ԱՐՏԱԿ ԳԱԲՐԻԷԼԵԱՆ.- Յետխորհրդային ժամանակաշրջանին, ինչպէս Ղարաբաղի, նոյնպէս ալ Ջաւախքի մէջ սկսան շարժումներ, որոնց հիմնական նպատակն էր ջաւախահայութեան իրաւունքերու պաշտպանութիւնը: Այդ ժամանակ ջաւախեցի գործիչները որոշած էին քաղաքական կուսակցութիւն մը արձանագրել Վրաստանի արդարութեան նախարարութեան մէջ: Սակայն մինչեւ այսօր, տարբեր պատճառաբանութիւններով եւ կոպիտ խախտումներով, մերժուած է այս կուսակցութեան արձանագրութիւնը: 1990-ական թուականներէն մինչեւ 2003 Ջաւախքի բոլոր գործիչները` հասարակական քաղաքական գործիչները, արձանագրեցին սովորական հասարակական-կազմակերպութիւններ եւ միութիւններ, որոնք կը զբաղէին հասարակական քաղաքական կեանքով: Այդ հասարակական գործիչներուն նախաձեռնութեամբ ի յայտ եկաւ խորհուրդ մը ստեղծելու` Ջաւախքի եւ Քուէմօ-Քարթլիի հայկական հասարակական կազմակերպութիւններու խորհուրդի գաղափարը: Հարց կը յառաջանայ, թէ ինչո՛ւ Քուեմօ-Քարթլին ալ ներառուած է: Այս մէկը եղած է, որովհետեւ Ծալկայի շրջանը, որ հայաբնակ է, կը գտնուի Քուէմօ-Քարթլի տարածաշրջանին մէջ եւ արհեստականօրէն, վարչատարածքային սխալ բաժանմունքի պատճառով միացած է Քուէմո-Քարթլի շրջանին: Նշենք նաեւ, որ Քուէմո-Քարթլիի Մառնէուլի շրջանին մէջ կան տասներեք հայկական գիւղեր, ուր կը գործեն հայկական հասարակական կազմակերպութիւններ: Այս հասարակական կազմակերպութիւնները միանալով` 2003 թուականին ստեղծեցին Ջաւախքի եւ Քուէմո-Քարթլիի հայկական հասարակական կազմակերպութիւններու խորհուրդը, աւելի կարճ ձեւով` Ջաւախքի հայկական հասարակական կազմակերպութիւններու խորհուրդը:
Հ.- Ի՞նչ է Ջաւախքի աշխարհագրական կարեւորութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան համար:
Ա. Գ.- Իր աշխարհագրական դիրքով Ջաւախքը մեծ կարեւորութիւն ունի ոչ միայն Հայաստանի Հանրապետութեան, այլ նաեւ` հայ ժողովուրդին համար: Եթէ նայինք քարտէսին, կը նկատենք, որ Ջաւախքը միակ քրիստոնեայ եւ հայաբնակ տարածքն է, որ Հայաստանը կը կապէ արտաքին աշխարհին: Արդարեւ, Հայաստանը արեւմուտքէն եւ արեւելքէն շրջապատուած է թուրք ազրպէյճանական պետութիւններով, հարաւէն փոքր միջանցք ունենալով դէպի Պարսկաստան: Իսկ առեւտուրը հիմնականօրէն կը կատարուի Վրաստանի միջոցով եւ յատկապէս` Ջաւախքի: Գիտենք, որ Հայաստանի հանրապետութեան առեւտուրին մօտ 75 առ հարիւրը կ՛իրականանայ Վրաստանի միջոցով: Այսպիսով, կրնանք փաստել, որ Ջաւախքը ռազմավարական մեծ նշանակութիւն ունի Հայաստանի հանրապետութեան համար, որուն հիւսիսային դարպասը կրնայ հանդիսանալ:
Հ.- Կրնա՞ք փոխանցել Ջաւախքի մասին կարգ մը տուեալներ. տարածութիւն, բնակչութեան թիւ, արտագաղթի պատկեր, աշխարհագրական բաժանում…
Ա. Գ.- Նախ` Ջաւախքի տարածութիւնն է մօտաւորապէս 7800 քառ. քմ, նկատի ունենալով նաեւ Ծալկան: 2002-ի պաշտօնական մարդահամարի տուեալներով, Ջաւախքի մէջ կ՛ապրին մօտաւոր երկու հարիւր հազար հայեր, որոնք Ջաւախքի բնակչութեան 67 առ հարիւր կը կազմեն:Իսկ ամբողջ Վրաստանին մէջ հայութիւնը կը կազմէ բնակչութեան մօտաւոր 10 առ հարիւրը: Բայց 2002 թուականէն մինչեւ այսօր արտագաղթի պատճառով որոշ չափով պակսած է ջաւախահայերուն թիւը. Ուրեմն կարելի է ըսել, որ ջաւախահայութեան թիւը մօտաւորապէս 170,000-էն 200,000 է: Հիմնականին մէջ Ջաւախքի տարածաշրջանը բաժնուած է վեց շրջաններու: Այս տարածաշրջանին արհեստականօրէն միացած է Պորժոմի շրջանը, որ վրացաբնակ է եւ անոր փոխարէն` Ծալկայի հայկական շրջանը դուրս մնացած է Ջաւախքի տարածաշրջանէն: Այս մէկը եղած է յատուկ նպատակով` տոկոսային յարաբերութեամբ հայերուն թիւը պակսեցնելու համար Ջաւախքին մէջ: Վեց շրջաններէն Հայաստանի հիւսիսային սահմանին մօտ գտնուող Նինոծմինտայի շրջանի բնակչութիւնը գրեթէ 100 տոկոսով հայեր են: Ախալքալաքի շրջանի բնակչութեան գրեթէ 97 տոկոսը հայեր են : Ախալքալաքի եօթանասուն գիւղերէն վեցը վրացական են: Արդէն Ախալցխայի մէջ հայերուն թիւը աւելի քիչ է, բնակչութեան 30 տոկոսը: Սակայն այս պատկերը տարբեր էր 1990-ական թուականներուն, երբ հայերը բնակչութեան 70 տոկոսը կը կազմէին: Ատիկէնի շրջանին մէջ հայերը կը կազմեն բնակչութեան մօտաւոր 30 տոկոսը, իսկ Պորժոմի մէջ` 10-15 տոկոսը: Պորժոմի հարաւային հատուածը ամբողջովին հայկական է իսկ հիւսիսային հատուածը` վրացական: Այս տարածքներուն սխալ բաժանումը կատարուած է 1995-ի Վրաստանի նախագահին կողմէ: Ջաւախքը արեւմուտքէն սահմանակից է Աճարիոյ հանրապետութեան հետ, հարաւ-արեւմուտքէն` Թուրքիոյ. հիւսիսը կը գտնուի Խաշուրի շրջանը, իսկ արեւելքը` Ազրպէյճան: Յատկապէս վերջին երկու-երեք տարիներուն արտագաղթողներուն թիւը շատցած է, որովհետեւ նախորդ իշխանութիւնները բաւական մեծ ճնշումներ կը բանեցնէին Ջաւախքի բնակչութեան վրայ: Հիմնականին մէջ արտագաղթը տեղի կ՛ունենայ տնտեսական խնդիրներու պատճառով, ինչպէս նաեւ` կրթական համակարգին ցած ըլլալուն պատճառով. այսպէս, պետական ճնշումներուն պատճառով Ջաւախահայերը մեծ թիւով կ՛արտագաղթեն: Օրուան հացը, օրուան ապրուստը եւ նուազագոյնը ապահովելու համար է, որ ջաւախահայը կը մեկնի Ջաւախքէն` մասնաւորապէս դէպի Ռուսաստան:
Հ.- Որո՞նք են Ջաւախքի հիմնական հարցերը, ըլլան անոնք քաղաքական, տնտեսական, կրթական, մշակութային… Այս հարցերուն կողքին, ի՞նչ քաղաքականութիւն կը տանին թուրքերը եւ ազերիները:
Ա. Գ.- Նշեալ բոլոր հարցերը առկայ են Ջաւախքի մէջ: Համոզուած ենք, որ ամէն հարցի մէջ կայ քաղաքական խնդիր: Այսինքն` եթէ առնենք ընկերային-տնտեսական խնդիրները, անոնց մէջ ալ քաղաքականութիւն կայ: Եթէ փորձենք տնտեսական ներդրումներ կատարել Ջաւախքի մէջ, պետութիւնը խոչընդոտ կը հանդիսանայ. այս մէկը արդէն քաղաքականութիւն է: Եթէ տնտեսական ներդրումներ փորձենք ապահովել, եւ ժողովուրդը կապուի իր հողին եւ աշխատավայր ունենայ, բնականաբար չ՛արտագաղթեր: Կրթական խնդիրներուն մէջ նոյնպէս քաղաքական հարց կայ: Այսօր, ամէնէն պարզ եւ տպաւորիչ օրինակներէն մէկը այն է, որ ընդհանրապէս Վրաստանի մէջ եւ մասնաւորապէս Ջաւախքի, արգիլուած է մտցնել հայատառ գիրք, թերթ, գրենական պիտոյք: Օրինակի համար վերջերս Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին նկարով օրացոյց մը արգիլեցին մտցնել Ջաւախք, ինչ որ բաւական մեծ աղմուկ բարձրացուց: Հիմնական խնդիրները առողջապահական, ընկերային-տնտեսական, մշակութային եւ կրօնական են: Կրթական եւ առողջապահական խնդիրները կապելով իրարու, պէտք է ըսեմ, որ այս երկու ոլորտներուն մէջ մասնագէտներու եւ նոր պատրաստուած երիտասարդներու խնդիր ունինք: Ջաւախքէն թիւով մօտաւորապէս չորս հազար հինգ հարիւրէն հինգ հազար ուսանողներ կան Հայաստանի տարբեր շրջաններու մէջ: Բայց անոնց գրեթէ չնչին տոկոսն ալ չի վերադառնար Ջաւախք: Եթէ վերադառնան Ջաւախք եւ փորձեն տեղ մը աշխատիլ, պէտք է անպայման գիտնան երկրի պետական լեզուն. իսկ երկրի պետական լեզուն չգիտնալով, ինք կարելիութիւն չունի աշխատելու, այդ պատճառով կը մեկնի Ջաւախքէն: Ուրեմն այս երկու ոլորտներուն մէջ մասնագէտներու խնդիր ունինք:
Կրօնական ոլորտին վերաբերող, մեր պահանջներէն մէկը եղած է այն, որ Ջաւախքի մէջ ունենանք թեմի կարգավիճակ: Հակառակ այս բացասական երեւոյթներուն, վերջերս Վրաստանի կեդրոնական իշխանութիւնները գումարներ յատկացուցին Վրաստանի մէջ գտնուող կրօնական բոլոր փոքրամասնութիւններուն, որոնցմէ` Վրաստանի հայ առաքելական եկեղեցւոյ: Վերջին շրջանին վրացիներուն թոյլտուութեամբ Էջմիածինի մէջ կը քննարկուի Ջաւախքի մէջ թեմ ունենալու կարգավիճակի վերաբերեալ հարցը: Խնդիրներուն հիմնականը այն է, որ այդ հսկայական տարածաշրջանին մէջ մենք գրեթէ ունինք մէկուկէս տասնեակ քահանաներ, այսինքն` տասնհինգ քահանաներ, որոնք անկարելի է, որ կարենան բոլոր գիւղերուն գոնէ եկեղեցիներուն մէջ ամիսը մէկ անգամ Ս. պատարագ կատարել, որովհետեւ ունինք հարիւր քառասունհինգ գիւղական համայնքներ, որոնց մէջ կան վերանորոգուած կամ կիսաքանդ եկեղեցիներ: Վերանորոգումները եղած են մեծահարուստներուն ջանքերուն շնորհիւ, բայց ափսոս բաւարար թիւով քահանաներ չկան:
Այսօր ջաւախեցին Վրաստանի հասարակութեան մէջ կը նկատուի երկրորդ կարգի անձնաւորութիւն: Թիֆլիսահայութիւնը եւ ընդհանրապէս վրացահայութիւնը տարբեր կարգավիճակ ունին, որովհետեւ վրացահայերը կը տիրապետեն երկրի պետական լեզուին, իսկ ջաւախահայերը` ոչ: Իսկ ի՞նչ են արտագաղթին հետեւանքները: Բազմաթիւ տեղեր տեսած ենք, որ արտագաղթը կը յանգեցնէ տարածքի մը կորուստին: Եթէ այսօր Ջաւախքի մէջ չըլլայ հայկական գործօնը, եւ հայկականութիւնը վերանայ, «շահագրգռուած» պետութիւններ գործի կը դնեն վնասակար երեւոյթները` նկատի ունենալով Ջաւախքի ռազմավարական կարեւորութիւնը Հայաստանի համար: Այս պետութիւններէն են Թուրքիան եւ Ազրպէյճանը, որովհետեւ անոնք ալ յաւակնութիւն ունին Ջաւախքի նկատմամբ: Անոնց խնդիրը ցամաքային սահման ապահովելն է երկու երկիրներուն միջեւ. ամէնէն կարճ ճամբան Ջաւախքի ճամբան է: Առաջինը ծրագիրը քարիւղն է, որ կ՛անցնի Պաքու-Էրզրում – Կազամուղա ճամբայէն, որ Ջաւախքի հիւսիսէն կ՛անցնի: Իսկ հարաւային մասը` Հայաստանի սահմանին վրայ, կը կառուցուի Կարս-Ախալքալաք երկաթուղին: Ասոնք իսկական սպառնալիքներ են ջաւախահայութեան համար, որովհետեւ այս բոլոր նախագիծերը քաղաքական նպատակներ ունին, որքան որ Թուրքիան եւ Ազրպէյճանը քարոզեն, որ այս ծրագիրը Արեւմուտքը Արեւելքին կապող միջանկեալ գօտի մըն է: Ամենեւին այսպէս չէ. իրենց հիմնական նպատակը, ինչպէս նշեցինք, ցամաքային սահման ունենալն է Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ միջեւ: Թրքական ազրպէյճանական ներդրումային ծրագիրներն ալ արդէն պատճառ կը դառնան արտագաղթի, որովհետեւ անոնք շատ հզօր են, յատկապէս գիւղատնտեսութեան ոլորտին մէջ:
Հ.- Ի՞նչ են Ջաւախեցիին հիմնական պահանջքները եւ անոնց լուծման քաղաքական ուղեգիծը: Ի՞նչ պէտք է ընեն սփիւռքը, Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ Ջաւախեցին զանազան հարցերու լուծման համար:
Ա. Գ.-Ջաւախեցիին հիմնական պահանջերը Վրաստանի սահմանադրութեան մէջ արձանագրուածներն են` ազգային փոքրամասնութիւններու եւ մասնաւորապէս ջաւախահայերուն իրաւունքներուն պաշտպանութեան վերաբերող: 1999 թուականին Վրաստանը ստորագրեց մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան Եւրոպական շրջանակային նախապայմանը, որ շատ ծաւալուն է: Սակայն ստորագրելէ ետք կարգ մը կէտեր չվաւերացուց: Այս կէտերէն առաջինը ազգային փոքրամասնութիւններու իրաւունքներու պաշտպանութիւնն է, իսկ երկրորդը` տարածաշրջանային լեզուներուն կարգավիճակը: Օրինակ` Ջաւախքի պարագային, համախումբ ապրող ժողովուրդ մըն է, ազգագրական ժողովուրդի մասին է խօսքը, որ պատմականօրէն կ՛ապրի իր հողերուն վրայ, բայց չի տիրապետեր երկրի պետական լեզուին, միջազգայնօրէն սահմանուած իրաւունքը ունի խօսելու իր մայրենի լեզուն, այսինքն` հայերէն: Ինչպէս գիտենք, թէ՛ նախկին թէ՛ ներկայ իշխանութիւններուն պարագային Վրաստանը կը ձգտի դէպի Արեւմուտք, ինչ որ քաջալերուած է մեր կողմէն: Կը կարծեմ, թէ երբ Վրաստանը Եւրոպական Միութեան լիարժէք անդամ դառնայ, այն ատեն Եւրոպայէն ալ ճնշումներ կ՛ըլլան Վրաստանի վրայ, որպէսզի փոքրամասնութիւններուն իրաւունքները հաշուի առնուին: Բայց քանի որ աշխարհագրական այս խառն վիճակը գոյութիւն ունի, Արեւմուտքն ալ կը լռէ այս հարցին շուրջ:
Ջաւախքի հարցերուն լուծման համար սփիւռքը շա՛տ բան կրնայ ընել, ինչպէս Արցախի պարագան էր` կազմակերպուելով, տնտեսական ներդրումներու ծրագիր իրականացնելով, փոխադարձ այցելութիւններով: Ջաւախքի հետ ծանօթութեան հսկայածաւալ ծրագիրի մը կարիքը կայ, որպէսզի սփիւռքի տարբեր երկիրներ տեղեակ ըլլան եւ գիտնան ջաւախահայերուն մասին, եւ ըստ կարելիութեան, օժադակութիւններ տան Ջաւախքին: Իսկ Հայաստանի Հանրապետութիւնը պէտք է փորձէ պետական մակարդակով երկու պետութիւններուն յարաբերութիւններով լուծէ Ջաւախքի խնդիրը: Մենք կանգնած ենք նաեւ մեծ խնդիրի մը առջեւ. Վրաստանը կը թեքի դէպի Եւրոպա, իսկ Հայաստանը ստորագրած է Մաքսային միութեան պայմանագիրը: Հիմա դժուար է գիտնալ, թէ Ջաւախքը ի՛նչ կարգավիճակ կ՛ունենայ: Ջաւախեցին վիզայի խնդիր պիտի ունենա՞յ Հայաստան մտնելու համար, թէ, ինչպէս կը վստահեցնէ վրացին, նման խնդիրներ գոյութիւն չեն ունենար:
Հ.- Ամփոփ կերպով բացատրեցէ՛ք Ջաւախքի երիտասարդական կեդրոններու գործունէութեան մասին: Ի՞նչ կրնայ ըլլալ Լիբանանի երիտասարդութեան, ի մասնաւորի ԶՈՄ-ի դերակատարութիւնը անոնց գործունէութեան ընդլայնման կամ օժանդակութեան մէջ:
Ա. Գ.- Ջաւախքի երիտասարդական կեդրոնները եղած են տարբեր երկիրներու Ջաւախք յանձնախումբերու նախաձեռնութիւնը, յատկապէս Միացեալ Նահանգներու եւ Քանատայի օժանդակութեամբ: Առաջինը բացուած է Ախալցխայի մէջ, 2006 թուականին, իսկ երկրորդը 2007-ին, Ախալքալաքի մէջ: Երկու կեդրոններն ալ գրեթէ նոյն գործունէութիւնը կը տանին, այսինքն` Ջաւախքի մէջ ապրող երիտասարդներուն կրթական-ուսուցման խնդիրները լուծել այդ կեդրոններուն միջոցով: Կեդրոններուն մէջ կան տարբեր խմբակներ, տասնեակէ աւելի, որոնք հայ երեխային կը սորվեցնեն այն, ինչ որ դպրոցը չի սորվիր` հայոց պատմութիւն, համակարգչային դասընթացքներ, ինչպէս նաեւ վրացերէնի եւ ուրիշ կարգ մը լեզուներու դասաւանդում. աղջիկներու համար ասեղնագործութեան խմբակ մը գոյութիւն ունի, կան նաեւ երգ ու պարի խմբակներ: Այս տարուան մէջ կը նախատեսենք Նինոծմինտայի մէջ ալ երիտասարդական կեդրոն մը բանալ. շէնքին վերանորոգման աշխատանքները պէտք է աւարտին: Նպատակ ունինք նաեւ Ծալկայի մէջ հիմնել երիտասարդական կեդրոն մը: Եթէ Զաւարեան ուսանողական միութիւնը կարելիութիւն ունենայ որոշ չափով օժանդակել Ծալկայի երիտասարդական կեդրոն ունենալու աշխատանքին, այդ մէկը արդէն մեծ օգնութիւն կ՛ըլլայ: Իսկ որպէս ուսանողական միութիւն, կարելի է Ջաւախքի երիտասարդական միութիւններուն հետ անմիջական կապ հաստատել, իրենց հետ համագործակցութեան մէջ ըլլալ, յատկապէս համացանցի միջոցով, ինչպէս նաեւ, ամրան շրջանին փոխադարձ այցելութիւններ կազմակերպել: Օրինակ` կը փափաքէի տեսնել երկու կեդրոններու համատեղ մշակութային ձեռնարկ մը կամ ձեռագործներու ցուցահանդէս մը: Այս մէկը շատ լաւ կ՛ըլլար:

