Լաւրով. «Ռուսիոյ Սահմանին Մօտ Օթանեան Ուժերու Տեղակայումը ՕԹԱՆ-ի Յանձնառութեան Խզում Մըն Է»
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով «Ինթըրֆաքս»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ «Ռուսիոյ սահմաններուն մօտ օթանեան ուժերու տեղակայումը ՕԹԱՆ-ի յանձնառութեանց խզում պիտի նկատուի»:
Ան ըսաւ, որ ՕԹԱՆ-ի անդամ արեւելեան եւրոպական երկիրներու ճնշումին տակ Ռուսիոյ սահմանակից տարածքներուն մէջ ուժերու տեղակայման հարցի ուսումնասիրումը ՕԹԱՆ-ի ուխտին եւ Վիեննայի համաձայնութեան սկզբունքներուն խախտում մը կը նկատուի:
«ՕԹԱՆ-ի մէջ Ռուսիոյ նկատմամբ ատելութիւնը եւրոատլանտեան ապահովութեան շահերէն գերակշիռ է», նշեց Լաւրով:
CATEGORIES Միջազգային

