Եւրոպական Խորհուրդի Խորհրդարանական Վեհաժողովը Ռուսիան Զրկեց Ձայնի Իրաւունքէն. Ռուսիան Լքեց Վեհաժողովի Նստաշրջանը

Russia-EUԵւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովը երէկ Ռուսիան զրկեց ձայնի իրաւունքէն` Խրիմի Ռուսիոյ կցման պատճառով:

Բացի ատկէ, Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովը մինչեւ տարեվերջ հեռացուց Ռուսիան վեհաժողովի բոլոր ղեկավար մարմիններէն` բիւրօ, նախագահութիւն եւ մնայուն յանձնախումբեր, ինչպէս նաեւ զայն զրկեց վեհաժողովի դէտերու առաքելութիւններուն մասնակցելու իրաւունքէն:

Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովը բանաձեւին մէջ Ռուսիոյ գործողութիւնները կոչած է «Խրիմի բռնակցում» եւ ուքրանական տարածքի «զինեալ բռնագրաւում»:

Վրաստանի պատուիրակութիւնը փորձեց առաջարկել բանաձեւի իր տարբերակը, որ կը նախատեսէ մինչեւ տարեվերջ Ռուսիոյ բոլոր լիազօրութիւններու դադրեցում, սակայն այդ մէկը չորդեգրուեցաւ:

Խորհրդարանականները նաեւ մերժեցին բրիտանացի Ռոպըրթ Ուոլթըրի առաջարկը, ըստ որուն պէտք է չեղեալ յայտարարուէին Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովին մէջ Ռուսիոյ պատուիրակութեան լիազօրութիւնները:

Վեհաժողովին մէջ Ռուսիոյ պատուիրակութեան ղեկավար Ալեքսէյ Փուշքով յայտարարեց, որ Ռուսիոյ պատուիրակութիւնը կը լքէ Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի գարնանային նստաշրջանը` սահմանափակումներուն պատճառով:

«Մենք պիտի չմասնակցինք նստաշրջանի հետագայ աշխատանքներուն: Այժմ մենք կը լքենք նստաշրջանը` ի նշան բողոքի, եւ մեզի իրաւունք կը վերապահենք վերատեսութեան ենթարկել Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի նիստերուն Ռուսիոյ հետագայ մասնակցութեան հարցը», ըսած է Փուշքով:

 

 

Share this Article
CATEGORIES