Տաւութօղլու. «Պէտք Է Յարգել Ուքրանիոյ Ամբողջականութիւնը, Երկրի Արեւելեան Շրջանին Մէջ Հանրապետութիւններու Հռչակումը Կառուցողական Չէ»

Davutoglu-1004«Էն.Թի.Վի.ռու» կը գրէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու ճափոնական «Նիքքէյ» օրաթերթին հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է, որ անհրաժեշտ է յարգել Ուքրանիոյ տարածքային ամբողջականութիւնը, իսկ երկրին արեւելեան շարք մը շրջաններուն մէջ հանրապետութիւններու հռչակումը կառուցողական չէ:

«Չէի փափաքեր, որ նման իրադարձութիւններ տոմինոյի ազդեցութեամբ տարածուէին դրացի երկիրներու վրայ», ըսած է Տաւութօղլու:

Ան նաեւ յիշեցուցած է, որ Ուքրանիան ՕԹԱՆ-ի անդամ չէ, այդ պատճառով ալ ՕԹԱՆ պիտի չմիջամտէ այդ երկրին գործերուն:

Ինչ կը վերաբերի Թուրքիոյ ռուսական կազի մատակարարումներուն, ապա Անգարա ուքրանական ճգնաժամին պատճառով Ռուսիոյ հետ ուժանիւթային յարաբերութիւններուն մէջ որեւէ խնդիր չ՛ակնկալեր:

Share this Article
CATEGORIES