Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Կը Զօրակցի Պոնտոսի Յոյներուն
Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, որ Պրիւքսէլի մէջ 7 ապրիլ 2014-ին, Եւրոպական խորհրդարանին մէջ տեղի ունեցաւ խորհրդաժողով մը, կազմակերպուած` Պոնտոսի համայունական միութիւններու դաշնութեան կողմէ, իբրեւ հիմնական նիւթ ունենալով եկեղեցապատկան հարստութեան վերադարձը յոյն ժողովուրդին:
Խորհրդաժողովին ներկայ էին յոյն պետական անձնաւորութիւններ, Եւրոպական խորհրդարանի երեսփոխաններ եւ պոնտական միութիւններու ներկայացուցիչներ: Ներկայ էր նաեւ Եւրոպայի եւ Պելճիքայի Հայ դատի յանձնախումբերու պատուիրակութիւն մը: Խորհրդաժողովին իր մասնակցութիւնը բերաւ ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան, որ ներկայացուց «Թուրքիա պէտք է վերադարձնէ բոլոր եկեղեցապատկան կալուածները իրենց օրինական սեփականատէրերուն – քաղաքական նախաձեռնութիւն մը» նիւթը:
Մանոյեան` անդրադառնալէ ետք սփիւռքի մէջ Պոնտոսի յոյներու, ասորիներու եւ Հայ դատի յանձնախումբերուն միջեւ ծաւալած գործակցութեան, Թուրքիոյ կողմէ կատարուած ցեղասպանութեան ոճիրին ընդունման եւ հատուցման, անդրադարձաւ կատարուող աշխատանքներուն, որոնք կ՛իրականացուին վերադարձնելու համար հայ եկեղեցւոյ պատկանող կալուածներն ու հարստութիւնը: Մանոյեան հանգամանօրէն ներկայացնելէ ետք Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի 2011-ի թիւ 306 բանաձեւին էութիւնը, որ կը պահանջէ Թուրքիայէն ո՛չ միայն յարգել քրիստոնեաներուն իրաւունքները, այլ նաեւ վերադարձնել իրենց պատկանող եկեղեցիներն ու եկեղեցապատկան հարստութիւնները, եզրափակեց ըսելով. «Կը հաւատամ, որ այլեւս ժամանակն է, որ Եւրոպական խորհրդարանը որդեգրէ բանաձեւ մը, որ պիտի օժանդակէ հայերուն, յոյներուն եւ ասորիներուն` վերստանալու իրենց եկեղեցական կալուածները, որոնք բռնագրաւուեցան Թուրքիոյ կողմէ վերջին հարիւր տարիներուն ընթացքին: Ասիկա կրնայ ըլլալ առաջին քայլը այդ հատուցումներուն, որոնք պէտք է տայ Թուրքիան` ճանչնալով ցեղասպանութիւնը, որ կատարեց երեք ժողովուրդներուն դէմ»:
Խորհրդաժողովին ընթացքին մեծ խանդավառութեամբ ընդունուեցաւ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբին քուէարկած որոշում-բանաձեւը, ուր կատարելէ ետք համապատասխան հիմնաւորումները, Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբը կը հրապարակէր հետեւեալ որոշումները.
Ա) Հրապարակայնօրէն յայտարարել, որ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբը` ի շարունակութիւն 1.500.000 հայերուն դէմ կանոնաւորաբար իրագործուած Յեղասպանութեան, Պոնտոսի յոյներուն դէմ եղած գործողութիւնները Ցեղասպանութեան գործողութիւններ կը նկատէ:
Բ) Կոչ ուղղել Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովին` ճանչնալու Պոնտոսի յոյներուն դէմ 1914-1922-ին տեղի ունեցած գործողութիւնները իբրեւ ցեղասպանութեան գործողութիւններ եւ սահմանել իւրաքանչիւր տարուան 19 մայիսը` իբրեւ պոնտացիներու ցեղասպանութեան յիշատակի օր:
Գ) Թուրքիայէն կը պահանջենք ճանչնալ Պոնտոսի յոյներուն, ինչպէս նաեւ ասորիներուն եւ հայերուն դէմ Թուրքիոյ օրուան կառավարութեան կողմէ, դար մը առաջ կատարուած Ցեղասպանութեան փաստը եւ անոր հետեւանքները, եւ աշխատիլ իր կողմէ մարդկութեան դէմ գործուած ոճիրի արդար ճանաչման ուղղութեամբ` հիմնուելով Ցեղասպանութեան զոհ դարձած ժողովուրդներու բարոյական, նիւթական եւ հողային ամբողջական վերականգնման սկզբունքին վրայ:
Խորհրդաժողովի աւարտին կազմակերպիչները պատուեցին Կիրօ Մանոյեանը յուշատախտակով մը` խորհրդաժողովին մէջ իր ունեցած ներդրումին համար, ինչպէս նաեւ ի երախտագիտութիւն Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբին քուէարկած բանաձեւին:

