Ռուքէ Քեսապի Հարցով Դիմած Է Ֆապիւսի

Ռընէ Ռուքէ
«Սիվիլնեթ» կը հաղորդէ, որ Ֆրանսայի խորհրդարանի անդամ, Եւրոպական խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի փոխնախագահ, վեհաժողովին մէջ Ֆրանսայի պատուիրակութեան ղեկավար Ռընէ Ռուքէ Քեսապի հարցին վերաբերեալ նամակով մը դիմած է Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիւսին:
Ան իր նամակին մէջ գրած է.«21 մարտին սահմանային Քեսապ գիւղի սուրիացի զինեալներու կողմէ գրաւումը ոչ միայն քաղաքացիական պատերազմի հիմնական պահերէն է…այլ նաեւ մարդկային աղէտի մեկնարկային ազդանշանի փաստ:
«Դժբախտաբար զինուորական այս գործողութիւնը պարզապէս սուրիացի զինեալներու եւ ապստամբներու կողմէ չէ իրականացուած, այլ ժիհատական խմբաւորումներու` յատկապէս Ժապհաթ Նուսրա խմբաւորումին կողմէ, որ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ Քայիտայի ճիւղերէն է եւ հիմնականին մէջ կազմուած թուրքմեններէ:
«…Ժիհատականներու` շրջանի հայ բնակչութեան դէմ ցեղային զտումներու ցանկութիւնը իրական է (…) Այս գործողութեան մէջ Թուրքիոյ կառավարութեան եւ բանակի լռելեայն մասնակցութեան փաստը անհերքելի է` հաշուի առնելով, որ Ժապհաթ Նուսրայի զինեալները Քեսապի դէմ յարձակումէն օրեր առաջ հաստատուած էին Թուրքիոյ մէջ:
«Սուրիոյ մէջ բոլոր ձեւերով հայկական ներկայութեան վերացման ցանկութիւնը իրական կը թուի` հաշուի առնելով, որ վերջերս Հալէպի մէջ աւերուեցաւ Զուարթնոց եկեղեցին, իսկ Քեսապի գրեթէ ամբողջ անշարժ գոյքը` տուները եւ բազմաթիւ եկեղեցիներ թալանուած են ժիհատականներու կողմէ` 22 մարտի յարձակումին ընթացքին:
«Մեր երկիրը միշտ փորձած է պաշտպանել եւ պահպանել քրիստոնեաներուն ներկայութիւնը Արեւելքի մէջ, ուստի մենք պէտք է միջամտենք` պաշտպանելու քաղաքայինները, որոնք զգալիօրէն կը տուժեն յարձակումին հետեւանքներէն, որ գլխաւորած են Ժապհաթ Նուսրայի ժիհատականները: Փաստացի Սուրիոյ ամբողջ 15 հազար հայերու 5 հազարը` Քեսապէն, որոնք ապաստանած են Լաթաքիոյ մէջ եւ 10 հազարը` Հալէպէն, որոնք կ՛ենթարկուին կանոնաւոր ռմբակոծման, ներկայիս չունին որեւէ ներուժ եւ պէտք է ապաւինին օտարերկրեայ մարդասիրական օժանդակութեան, որպէսզի ապրին (…)
«Մեր երկիրը այսուհետեւ պէտք է աւելի շատ ներգրաւուած ըլլայ միջազգային մեծ ֆինանսաւորում տրամադրելու հարցին մէջ, որ պէտք է կոչուած ըլլայ օգնելու Սուրիոյ հայ համայնքին` պահպանելու այս շրջանին մէջ հայկական դարաւոր ներկայութիւնը»:

