Հայաստանի Նոր Վարչապետին Անունը Պիտի Յայտարարուի Երկուշաբթի

sharmazanov1004Երէկ տեղի ունեցաւ Հայաստանի հանրապետական կուսակցութեան Գերագոյն մարմինի նիստը: Կ՛ակնկալուէր, որ երէկ յայտարարուէր նոր վարչապետին անունը, սակայն Հայաստանի հանրապետական կուսակցութեան մամլոյ բանբեր Էդուարդ Շարմազանով յայտարարեց, որ այդ անունը պիտի յայտարարուի երկուշաբթի օր, երբ տեղի ունենան Հանրապետական կուսակցութեան Գերագոյն մարմինի եւ խորհուրդի նիստերը:

Ան նշեց, որ Հանրապետական կուսակցութեան գործադիր մարմինի նիստին անդրադարձ կատարուած է քաղաքական հարցերուն, ներկայացուած են Սերժ Սարգսեանի եւ քաղաքական ուժերուն միջեւ քաղաքական խորհրդակցութիւններու արդիւնքները: Նշենք, որ ներկայ պահու դրութեամբ վարչապետի ամէնէն հաւանական թեկնածուն խորհրդարանի նախագահ Յովիկ Աբրահամեանն է:

 

 

Share this Article
CATEGORIES