Ուղղափառութեան Միջխորհրդարանական Վեհաժողովը Կը Դատապարտէ Քեսապի Հայ Բնակչութեան Տեղահանումը

Kessab1004Ուղղափառութեան միջխորհրդարանական վեհաժողովը չորեքշաբթի օր որդեգրած է Քեսապի եւ անոր մօտակայ 12 գիւղերու մէջ վերջերս տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն կապակցութեամբ յայտարարութիւն մը եւ դատապարտած Քեսապի խաղաղ հայ բնակչութեան տեղահանումը:

Հայաստանի Ազգային ժողովը Ուղղափառութեան միջխորհրդարանական վեհաժողովի յայտարարութիւնը արդէն պաշտօնապէս ստացած է:

Ուղղափառութեան միջխորհրդարանական վեհաժողովը խոր անհանգստութիւն ու վրդովում կ՛արտայայտէ զինեալ խմբաւորումներու անօրինական գործողութիւններուն կապակցութեամբ, «որոնք պղծած են քաղաքի հայկական եկեղեցին եւ զգալի վնաս հասցուցած անպաշտպան բնակիչներու կալուածին», յարգանք կը պահանջէ Սուրիոյ ազգային ու կրօնական փոքրամասնութիւններուն նկատմամբ, կոչ կ՛ուղղէ երեսփոխաններուն, Ուղղափառութեան միջխորհրդարանական վեհաժողովի անդամ երկիրներու կառավարութիւններուն, ինչպէս նաեւ միջազգային հանրութեան դատապարտելու խաղաղ քաղաքացիական բնակչութեան նկատմամբ այդ գործողութիւնները եւ քայլերու ձեռնարկելու բռնի տեղահանուածներու անվտանգութեան ապահովման, անոնց անվտանգ վերադարձին ու անհրաժեշտ մարդասիրական օգնութեան տրամադրման համար:

 

Share this Article
CATEGORIES